Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ բնակող մահմետականները բողոքի ցոյց կատարեցին Ադիգենիի շրջանի Մոխէ գիւղին մէջ: Բողոքի ցոյցին մասնակցելու նպատակով Մոխէի մէջ հաւաքուեցան մահմետականները շրջանի բոլոր գիւղերէն: 

Ըստ հաւաքուածներու խօսքերուն Քոբուլեթիի մէջ հոգեւոր ուսումնարանի դռան խոզի գլուխ մը տեղադրուեցաւ, որը մեծ վիրաւորանք է ամբողջ մահմետականներուն համար եւ ատիկա ընողները պէտք է պատժուին խստօրէն:
Մոխէի մահմետական բնակիչները շրջանի մահմետական գիւղերու բնակիչներուն հետ միասին ցոյցի ընթացքին կը պահանջէին նաեւ Մոխէի մէջ առկայ հին մզկիթի շէնքի վերադարձը:
Քոբուլեթիի դէպքերը ընդամէնը առիթ հանդիսացան տուեալ պահանջի մասին իշխանութեան կրկին յիշեցնելու համար:
Ըստ գիւղի մահմետականներու խօսքերուն իրենց հին մզկիթին մէջ միշտ անասուններ կ'արածեն, որը՝ նոյնպէս վիրաւորական է: