ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».¬ Ջաւախքի Նինոծմինտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդական կեդրոնին բացման արարողութիւնը։
Կեդրոնը հաստատուած է Հայ Օգնութեան Միութեան Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ։ Ասկէ առաջ յանձնախումբը հովանավորած էր Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի նոյնանման այլ կեդրոններու կառուցումը։
Կեդրոնի բացման ներկայ եղած են Ջաւախքի շրջաններու ղեկավարները, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ այդ առիթով յատուկ Ջաւախք գտնուող Ֆրանսայի Արֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Իրանէն ժամանած պատուիրակութիւններ, որոնք անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են կեդրոնի կառուցման եւ կահաւորման աշխատանքներուն։
Երկյարկանի շէնքին մէջ պիտի գործեն տարբեր խմբակներ, լսարաններ, համարգչային կեդրոն, գրադարան։ Կեդրոնը պիտի բաւարարէ Նինոծմինտայի հայ երիտասարդներու հոգեւոր-մշակութային կարիքները։