Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը 2015 թուականը կը նկատէ հանգրուանային թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արծարծման, թէ՛ ղարաբաղեան տագնապի շուրջ լուծումներ գտնելու առումով: Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ իրենք անընդհատ աշխատանք կը տանին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններուն մասնակցի իբրեւ կողմ: «2015-ը արդիւնքի պէտք է հասցնէ մեզի, ու Ղարաբաղի հարցը գլխաւոր կէտերէն մէկն է, որպէսզի հասնինք խաղաղութեան ու արդարութեան: Մենք պէտք է Ղարաբաղի բանակցութիւններուն կողմ ըլլալու հարցը միշտ դնենք սեղանի շուրջ: Որեւէ ձեւաչափով պէտք է Ղարաբաղը մասնակցի բանակցութիւններուն եւ բերէ իր տեսակէտները: Ֆրանսան դէմ չէ, կը կարծեմ», յայտնեց Մուրատ Փափազեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը, նախաձեռնութիւն ունի՞ Ֆրանսայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մշակելու, Մուրատ Փափազեան նշեց. «Դժուար հարց է, որովհետեւ Ֆրանսա Մինսքի խմբակի համանախագահ է, եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ կը փնտռէ ուղիներ, որպէսզի վերջնական լուծում գտնուի խնդիրի լուծման համար: Ֆրանսայի ցանկութիւնը արդար լուծում գտնուիլն է, մենք միշտ կը ներկայացնենք իրականութիւնը, որ Ատրպէյճան յարձակողական կողմ է, որ հակախաղաղարարական գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ֆրանսայի աչքերը բաց են, այսինքն՝ գիտէ, որ Ատրպէյճան կը յարձակի, Ատրպէյճան կը խանգարէ, բայց դժուար է, որովհետեւ այլ կողմեր ալ կան, որոնք միաձայն չեն լուծման շուրջ»:
Ըստ Փափազեանի, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը ցանկայ լուծում գտնել ու դերակատար ըլլալ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ: «Մենք իրեն հետ քաղաքական 15 տարուան համագործակցութիւն ունինք, համակրանքը Հայ դատի շուրջ առկայ է», աւելցուց Մուրատ Փափազեան: