Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹ
Կլոր Սեղան Լիբանանահայ Վարժարաններու Առաքելութեան Վերաբերող

Վերամուտի սեմին լիբանանահայ վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին խօսելու նպատակով «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը:

Զրոյցին մասնակցեցան Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի կրթական պատասխանատու Հուրի Եափուճեան:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին նախ անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան իրականութեան բերումով հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ապա յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ հայկական վարժարաններուն հիմնական առաքելութեան վրայ՝ լաւ մարդ ու լիբանանցի քաղաքացի պատրաստելու կողքին կերտել հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով սնած ու օժտուած սերունդներ, որոնք ապագային պիտի ծառայեն ազգին ու հայրենիքին: Տնօրէնները խօսեցան հայոց լեզուն, գրականութիւնն ու մշակոյթը, Հայ դատը աշակերտներուն փոխանցելու կարեւորութեան մասին‘ միշտ նկատի ունենալով նորօրեայ արհեստագիտութիւնը, դարուն բերած փոփոխութիւններն ու մարտահրաւէրները: Քննարկումի նիւթ եղան նաեւ այն հարցերն ու երեւոյթները, որոնք ծագած են սուրիահայ աշակերտներուն գալուստով:
Բնականաբար, ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով հայկական վարժարաններուն վրայ դրուած յաւելեալ պարտաւորութիւնները եւս լուսարձակի տակ առնուեցան:
Կլոր սեղանը վարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:

 

ԱՄՆ
Սալբի Ղազարեան՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական վարիչ

Օգոստոս 14-ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Տորնսիֆ» բաժանմունքի հայագիտական հիմնարկի վարիչ նշանակուեցաւ Սալբի Ղազարեան, որ երկարամեայ փորձառութիւն ունի ոչ հասութաբեր կազմակերպութեանց գործունէութեան եւ կրթական մարզերէն ներս: Ղազարեան Քալիֆորնիա պիտի վերադառնայ Հայաստանի «Սիվիլիթաս» հիմնարկէն:
Նշանակումը յայտարարեց համալսարանի «Տորնսիֆ» բաժանմունքի տնօրէն Սթիւ Քէյ, որ նաեւ հաղորդեց, թէ համալսարանի «Թրբանճեան» ժամանակակից հայագիտական ուսմանց ամպիոնի վարիչ ու օգնական դասախօս նշանակուած է դոկտ. Ռիչըրտ Անթառամեան, իսկ պատմութեան ճիւղի օգնական դասախօս նշանակուած է փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ գլխաւորաբար պիտի աշխատի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու եւ զայն համալսարանի «Շօա» հիմնարկի արխիւին մէկ մասը դարձնելու ծրագիրին վրայ:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական հիմնարկը 2005-ին հաստատուած է համալսարանին եւ եւ շրջանի հայութեան միացեալ ջանքերով:
Հայագիտական հիմնարկի Ղեկավարման խորհուրդի ատենապետ Չարլի Կալեան ողջունեց այս նշանակումները, որոնք կու գան այն միջոցին, երբ հիմնարկը կը պատրաստուի նշելու իր հիմնադրութեան տասնամեակը՝ 28 Սեպտեմբերին կայանալիք հանդիսութեամբ մը:


ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
ՄԸՔՏԱՆԸԼԻ ՀԵՏ

Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի պաշտօնի թեկնածու Ճիմ ՄըքՏանըլ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին այցելեց «Փէշչէքէրեան» Հայ կեդրոնը, հանդիպում մը ունենալու Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին ու համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Ընթացքին քննուեցան Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի լիազօրութեանց սահմաններէն ներս ինկող եւ օրէնքի պարտադրութեան առնչուող շարք մը հարցեր՝ կեդրոնանալով յատկապէս հայութիւնը հետաքրքրող կէտերուն վրայ։
Ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճեք Հաճինեան եւ Կլենտէյլի քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան։
ՄըքՏանըլ ողջունեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հանդիպելու այս առիթը՝ խոստանալով համայնքին հետ մօտէն գործակցիլ ու կապերը սերտացնել՝ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ ընտրուելու պարագային։
Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 4ին։

Նիւ Եորքի Մէջ Միջազգային Խորհրդաժողով
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Առիթով

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Յառաջիկայ Մարտ 13-15, Նիւ Եորքի «Մարիըթ Մարքի» (Marriott Marquis) պանդոկէն ներս տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Այս եռօրեայ խորհրդաժողովին ելոյթ պիտի ունենան շարք մը յայտնի պատմաբաններ, քաղաքականութիւն մշակող անձեր, գրողներ եւ արուեստագէտներ, հրաւիրուած զանազան երկիրներէ: Յայտագիրը պիտի պարունակէ զուգահեռաբար գումարուող առաւօտեան եւ երեկոյեան զրոյցներ եւ քննարկումներ, որոնք պիտի կեդրոնանան Ցեղասպանութեան համար արդարութեան եւ հատուցման հարցերուն, պաշտպանելու պատասխանատուութեան, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, արդարութեան եւ հաշուետուութեան գործընթացին, համերաշխութեան կառուցման եւ Ցեղասպանութեան ու զանգուածային բռնութեան դէմ արուեստագիտական պատասխաններուն:
«Պատասխանատուութիւն 2015» անունը կրող այս խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին կողմէ, ԱՄՆի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի հովանաւորութեամբ:
Երեկոյեան նիստերը պիտի համախմբեն քաղաքականութիւն մշակող անձեր, քաղաքական ղեկավարներ, արուեստագէտներ եւ յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք պիտի շեշտեն անցեալի անարդարութիւնները դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը եւ նորերուն արգելք հանդիսանալու պայքարը:
Գոյատեւման նիւթ ունեցող լուսանկարչական եւ արուեստի ցուցադրութիւններ տեղի պիտի ունենան խորհրդաժողովի գումարման տեւողութեան ընթացքին:
Կազմակերպական յանձնախումբին մաս կը կազմեն համանախագահներ Խաչիկ Մուրատեան եւ Հայկ Օշական, իրենց կողքին ունենալով Ճորճ Աղճայեանը, Քիմ Հեքիմեանը, Անդրանիկ Գասպարեանը եւ Հենրի Թերիօն: