Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Գիւրճիեւ» ժողովրդային նուագարաններու համոյթը կը մասնակցի համերգային հիւրախաղերու՝ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ:
Համոյթը լսարանին կը ներկայանայ նոր ծրագրով՝‘ Կոմիտասի երաժշտութեամբ, տարին նուիրելով հայ մեծանուն յօրինող երաժշտագէտ Կոմիտաս Վարդապետի145-ամեակին:

Ծանօթ է թէ Գիւրճիեւ երաժշտութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: 1919 թուականին Գիւրճիեւ իր աշակերտ Թոմաս տէ Հարթմանին (որ գրի կ'առնէր Գիւրճիեւի ստեղծագործութիւնները) ուղարկեց Հայաստան՝‘ Կոմիտասի երաժշտութիւնը ուսումնասիրելու համար: Հարթման եղաւ առաջիններէն, որոնք արժեւորեցին Կոմիտասը՝ որպէս յօրինող եւ հանդէս եկաւ մի քանի դասախօսութոիններով Երեւանի մէջ, խօսելով Կոմիտասի երաժշտութեան մասին:
Համոյթը կը ծրագրէ նաեւ հայկական բարձրարժէք մշակոյթը ներկայացնել միջազգային լայն լսարանի առջեւ: Կոմիտասի դաշնամուրային, հոգեւոր եւ ժողովրդային երգերու փոխադրումն ու գործիքաւորումը ժողովրդային նուագարաններու համար կատարած է համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեանը՝ բծախնդրօրէն հաւատարիմ մնալով կոմիտասեան նշումներուն,որ այս աշխատանքի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն է:
«Գիւրճիեւ» համոյթը իր առաջին ելոյթը ունեցած է Սեպտեմբեր 4ին, Վանաձորի մէջ, ապա նաեւ Գիւմրիի մէջ Սեպտեմբեր 8-ին:
Կը յաջորդէ Երեւանի մէջ ելոյթը՝ Սեպտեմբեր 11ին: