Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ընդառաջ, «Արթ իզ ֆոր փիս» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, հայ եւ օտար յայտնի երգիչները հանդէս կու գան «Այլեւս   երբեք» խորագիրը կրող համերգաշրջանով:

Մինչեւ 2015 խումբը համերգներով պիտի հիւրընկալուի  Գանատա, Եւրոպա եւ արեւելեան երկիրներ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի  կայանի (Հ1)   «Առաջին լրատուական»ը:
Լոս Անճելըսի մեծագոյններէն մէկը նկատուող վեց  հազար  տեղնոց «Կիպսըն» ամփիթատրոնին մէջ 1 Նոյեմբերին պիտի տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած համերգաշրջանի սկիզբը:
«Այլեւս երբեք» նախաձեռնութեան կը մասնակցին համաշխարհային ճանաչում վայելող աստղեր՝ Սթիվի Ուոնտըրի եւ Մայքըլ Սթոնի գլխաւորութեամբ: Ծրագիրին կը մասնակցի նաեւ Արթօ Թունջպոյաճեան: Նախաձեռնութիւնը Ֆլորա Մարտիրոսեանինն է, որուն կատարումով «Տըլէ Եաման» երգը յուզած է Շերըն Սթոնի եղբայրը՝ Մայքըլ Սթոնը, որ «Տըլէ եաման» եւ «Քելէ լաօ» երգերը թարգմանած է անգլերէնի  եւ դարձած երգչուհիին աջակիցը այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու  գործով: «Սա լինելու է սկիզբը. մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը մենք աշխատելու ենք բազմաթիւ երկրներում», նշած է Ֆլորա Մարտիրոսեան եւ աւելցուցած. Մեզ հետ միացել են ամերիկացիներ, օտարներ. հէնց դա է կարեւոր»:
Ամերիկացի աստղերը նշած են, որ իրենց համար կարեւոր է իրենց ձայնը միացնել ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ու խաղաղութեան հաստատման նուիրուած այս նախաձեռնութեան:
«Մենք ասում ենք, որ քսան տարուայ անկախ պետութիւն՝ Հայաստան անունով, մարդկութեանն ու աշխարհին քարոզում է խաղաղութիւն: Ո՛չ ասել ցեղասպանութիւններին, ո՛չ ասել ահաբեկչութիւններին, ո՛չ ասել պատերազմներին», ըսած է Ֆլորա Մարտիրոսեան:
Համերգաշրջանը կը նախատեսուի ամփոփել 2015-ին՝ Երեւանի մէջ, մեծ աստղերու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր ու նշանակալից մեծ համերգով: