Իրաքահայ Համայնքի Ազգային Իշխանութիւնները Օժանդակութիւններ Կը Տրամադրեն Մուսուլէն Գաղթած Հայութեան
«Ազդակ» կապ հաստատեց իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Մելքոն Մելքոնեանի հետ: Ան յայտնեց, որ իրաքահայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի հիւսիսիայն Իրաք՝ հիւսիսային Մուսուլէն գաղթական դարձած հայութեան օժանդակութիւններ կազմակերպելու առաքելութեամբ:
Մելքոն Մելքոնեան հաստատեց, որ հայերը հաստատուած են Տըհոք, Զախօ, Էրպիլ եւ Էնքաուա: Ոմանք հաստատուած են ծանօթներու մօտ, ուրիշներ վարձակալած են բնակարաններ:
Իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւնները անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կը տրամադրեն՝ լուծելով կենցաղային եւ բնակարանային հարցեր:
ԹԱՒՐԻԶԱՀԱՅ ԱՐԾԱԹԱԳՈՐԾՆԵՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Արեւելեան Ատրպատականի Պետական Հնագիտական Բաժանմունքի կողմէ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, բարձր գնահատանքի արժանացան կիրառական արուեստի մէջ վաստակ ունեցող 17 անձնաւորութիւններ Արեւելեան Ատրպատականէն:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թաւրիզի արուեստներու դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Արեւելեան Ատրպատականի Նահանգապետին, Պետական Հնապահպան Հիմնարկութեան ընդհ. տնօրէնին, Արուեստից համալսարանի դեկանին, ինչպէս նաեւ անուանի արուեստագէտներու ու մշակութասէր հասարակութեան:
Արեւելեան Ատրպատականի Նահանգէն ընտրուած 17 անձնաւորութիւններէն երկուքը Թաւրիզահայ վաստակաշատ արուեստագէտ արծաթագործներ՝ Վարդան Լուսինեանն ու Գուրգէն Շահնազարեանն էին, որոնք իրենց արուեստի կալ-ւածին մէջ գործող բազմաթիւ անուններէն իբրեւ ակնառու վարպետներ, պետական ուշադրութեան արժանացած էին:
Գնահատուող միւս անհատները տարբեր մասնագիտութիւններով ու արուեստի տարբեր կալուածներէ ներս բազմավաստակ ոչ-հայ անձնաւորութիւններ էին, անոնցմէ ոմանք գորգագործութեան ասպարէզին մէջ հռչակի տիրացած, ու-րիշներ բրուտագործութեան, ասեղնագործութեան կամ փայտի փորագրութեան: Ամէնուն նկատմամբ իր գնահատանքը արտայայտելով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատուոյ գիրեր յանձնեց, քաջալերելով անոնց տարիներու տքնաջան ու արդիւնաւոր աշխատանքը: