Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռաուլ Խաճիմպային, Աբխազիոյ Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Յարգարժա՛ն Ռաուլ Խաճիմպա,
«Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակը նուաճելու եւ Աբխազիոյ Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ:
«Դուք ծանօթ էք իբրեւ փորձառու քաղաքական գործիչ, որ էական վաստակ ունեցած է աբխազական անկախ պետականութեան կայացման գործին մէջ: Վստահ եմ, որ ձեր ղեկավարութեամբ Աբխազիոյ Հանրապետութիւնը աշխուժօրէն կը զարգանայ ու կը զօրանայ:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարեւոր կը նկատեն Աբխազիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ յոյս կը յայտնեն, որ ձեր նախագահութեան տարիներուն մեր երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւնները կը հասնին որակական նոր մակարդակի»:

Նշենք, որ Ռաուլ Խաճիմպա հաւաքած է ձայներուն 50.57 առ հարիւրը, իսկ անոր հիմնական մրցակից, ապահովութեան ծառայութեան ղեկավար Ասլան Պժանիա՝ 35.91 առ հարիւրը:

Ատրպէյճան Չի Ճանչնար Ընտրութիւնը

«Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան չէ ճանչցած Աբխազիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը:
Ատրպէյճանական կայքը կը նշէ, որ այս ձեւով Ազրպէյճան սատարած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան: