Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքիա-Սուրիա սահմանագիծին վրայ երկար անցք մը՝ հազարաւոր եւրոպացիներու համար դարպաս կը հանդիսանայ, Եւրոպայի սրտէն «դէպի ճիհատ» ուղղուելու համար: Իսլամ ծայրայեղականներ Եւրոպայէն գալով այս անցքը կը գործածեն ու «անհաւատներու» դէմ պատերազմին իրենց բաժինը կը բերեն: 

Բացայայտ իրողութիւն է Թուրքիոյ այս դերակատարութիւնը, որու շուրջ սակայն նուազագոյն շահագրգռուածութիւնը ցոյց չի տար միջազգային հանրութիւնը, ոչ ալ փորձ կը կատարուի իսլամիստներու խուժանները սանձելու մասին:


Բրիտանական Daily Mailի հաղորդումները օգտագործելով՝ յունական defence-net կայքէջը կը յայտնէ թէ սահմանագծէն հազիւ մի քանի քիլոմեթր անդին հասնելով, իւրաքանչիւր անհատ կրնայ 10 տոլար վճարելով ապահովել սահմանապահ զինուորներու լռութիւնը, դիւրութեամբ անցնելով «դէպի ճիհատ» տանող ճամբէն:
Ճիհատիստներու կողքին պատերազմող եւրոպացիները մի քանի հազար կը հաշուեն, այսուհանդերձ կարգ մը երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւնները կը գնահատեն թէ շատ աւելի է թիւը անոնց, որոնք ընդունած են իսլամը եւ ճիհատիստներու պատերազմին կը մասնակցին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Ըստ բրիտանական թերթի տեղեկութիւններուն, նոյն այդ ճամբան է որ դէպի ետ կÿօգտագործեն ճիհատիստներու ճամբարներուն մէջ մարզուած երիտասարդները, որոնք Եւրոպա կը վերադառնան՝ ատելութեամբ լեցուած:
Թուրքիա-Սուրիա սահմանագծին վրայ գտնուող Ռէյհանլը քաղաքը հասնելէ ետք, հետաքրքրուողները կայք կը հաստատեն տեղւոյն հիւրանոցներէն ներս, մինչ այդ նախապատրաստուելով եւ անհրաժեշտ գնումները կատարելով (այսինքն՝ հագուստեղէն-զինամթերք) ոստիկանութեան աչքին առջեւ: Հազիւ պատրաստ ըլլայ ամէն ինչ, 48 ժամուայ մէջ, անոնք կապ հաստատած կ'ըլլան իրենց ուղեկցող անձին հետ, որ եւրոպացի ճիհատիստները 20 անդամներէ բաղկացած խումբերու բաժնելով, կ'առաջնորդէ սահմաններէն անդին...

Իսլամ Ծայրայեղականներու Զէնքերը
Թուրքիայէն Կ՛անցնին

«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը իր կարգին լուր մը հրատարակած է Թուրքիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու գործունէութեան մասին՝ նշելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալելու մոլուցքով տարուած Անգարան առիթ ընծայած է իսլամ ծայրայեղականներու հզօրացման:
Կը նշուի, որ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող այս ահարկու կազմակերպութիւնը իր ուժին տիրացաւ Թուրքիոյ կողմէ իր վայելած զօրակցութեան շնորհիւ: Անոր հրամանատարներէն մէկը, որուն հետ հարցազրոյց մը կատարուած է Թուրքիոյ Ռէյհանլը քաղաքին մէջ, ըսած է. «Մեր անդամներէն ոմանք թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժուեցան: Պատերազմի սկզբնական օրերուն մեր պայքարին միացող օտարներու մեծամասնութիւնն ու պատերազմի ընթացքին գործածուած զէնքերը Թուրքիոյ տարածքով հասան մեզի»:
Միջին Արեւելքի մէջ ամէնէն վայրագ խմբակը ըլլալէ առաջ, այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական գիւղաքաղաքները օգտագործած է իբրեւ առեւտուրի կեդրոն, եւ Թուրքիա այս տարածքը տրամադրած է որպէս կեդրոն՝ պատերազմի գացող օտարներուն ու անոնց զէնքերու փոխադրութեան:
Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ յիշեալ կազմակերպութիւնը իր յաջողութիւնը մասամբ կը պարտի թուրքերուն, աւելցնելով, որ այժմ՝ «Թուրքիա իր ցանածը կը քաղէ»:
Ռէյհանլըի քաղաքապետ Թամեր Ափիշ թերթին յայտնած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ եղողները գոհունակութեամբ դիմաւորած է, իսկ հիմա անոնք՝ «կը սպաննեն, իրենց հիւանդութիւնները կը տարածեն եւ Թուրքիոյ կատարած բարիքին փոխարէն՝ չարիք կը բերեն, իսկ այս բոլորին գինը մե՛նք բոլորս կը հատուցենք»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի համաձայն, ծայրայեղականները իրենց հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներէն դէպի Թուրքիա քարիւղ կը մաքսանենգեն, սահմանին վրայ ապօրինի կերպով զէնքի եւ ապրանքի փոխադրութիւն կը կատարեն: Թուրքիա այս ապօրինութիւններուն վերջ տալու համար որոշ քայլերու դիմած է, բայց անոնք բաւարար չեն եղած: