Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ըստ Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսական կեդրոնի կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն՝ ռուսերուն 24 առ հարիւրը Լեռնային Ղարաբաղը կը նկատէ անկախ պետութիւն:

Հարցուողներուն 11 առ հարիւրը կը նկատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի տարածքն է, 9 առ հարիւրը՝ որ ատիկա մաս կը կազմէ Ատրպէյճանին:
Իսկ հարցուող ռուսերուն 56 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծումի կարելի է հասնիլ:
Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ռուսերը քիչ բան գիտեն Ղարաբաղի ու ղարաբաղեան տագնապին մասին: Անոնց մեծ մասը, այսուհանդերձ, յոյսով է, որ ատիկա կարելի է լուծել խաղաղ ճամբով:
Ուշագրաւ է, որ ղարաբաղեան տագնապի մասին աւելի տեղեակ են 50 տարիքը անցած ռուսերը: