Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ գիշեր յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադար գոյացած է: Համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտաւ գիշերուան ժամը 7:00-ին, Կազայի ու Այսրյորդանանի մէջ անմիջապէս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ եւ պաղեստինցիք յայտնեցին, որ յաղթանակ արձանագրած են:

Իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւր մը «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է բաց ժամկէտով զինադադարի հաստատման: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ ըստ համաձայնութեան, ամբողջական ու փոխադարձ զինադադար կը հաստատուի, զուգահեռաբար Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ անցքերը կը բացուին, կազացիներուն արտօնութիւն կը տրուի մինչեւ վեց մայլ հեռաւորութեան վրայ ձկնորսութիւն կատարելու, իսկ այլ հարցերու շուրջ անուղղակի բանակցութիւնները կը շարունակուին մէկ ամիսէն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ուժեղ կերպով կը զօրակցի զինադադարի համաձայնութեան:
Զինադադարի հաստատման պահը եկաւ բուռն ռմբակոծումներու սկիզբէն ամիս մը ետք: Այս ժամակամիջոցին սպաննուած են 2.130 պաղեստինցիներ եւ 68 իսրայէլացիներ: