Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊԵՐԼԻՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ ՄԱԿը սկսաւ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու հիւսիսային Իրաք, Գերմանիա եւ Իտալիա յայտարարեցին, որ որոշած են զինել Իրաքի քիւրտերը՝ հետեւելով Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի օրինակին։

Պերլին եւ Հռոմ շեշտեցին, թէ զինումը մօտէն պիտի համակարգուի Պաղտատի իշխանութեանց հետ։
Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ իրաքեան բանակը Թիքրիթի ուղղութեամբ հակայարձակումի անցած է Երեքշաբթի օր, Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայրը հանդիսացող քաղաքը իսլամ ծայրայեղականներէն վերագրաւելու համար:
Բուռն բախումներ տեղի ունեցած են մասնաւորաբար Թիքրիթի հարաւը գտնուող Շիշէյն հովիտին մէջ:
Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ իրաքեան ուժերը բուռն դիմադրութեան հանդիպելով՝ դադրեցուցած են Թիքրիթի դէմ շղթայազերծուած գործողութիւնը:
Իրենց կարգին, քրտական ուժերը յառաջացած են դէպի Սինճարի մօտ գտնուող շրջաններ՝ ծայրայեղական զինեալներու մատակարարման ճամբան փակելու համար:
Յիշեցնենք, որ իրաքեան եւ քրտական ուժերը ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ զինեալներու ձեռքէն խլած էին Իրաքի մեծագոյն ամբարտակը, որ կը գտնուի Մուսուլի մէջ:
Մինչ այդ, ինչպէս ծանօթ է, իսլամ ծայրայեղականները հրապարակեցին տեսաերիզ մը, ուր ցոյց կը տրուի երկու տարի առաջ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ամերիկացի լրագրող Ճէյմզ Ֆոլիի գլխատումը։ Տեսաերիզին մէջ նաեւ սպառնալիք մը կար ամերիկացի այլ պատանդ մը սպաննելու մասին, եթէ Ամերիկա չդադրեցնէ իսլամ ծայրայեղականներ ռմբակոծելը։
Նախագահ Պարաք Օպամա դատապարտեց գլխատումը՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն իր կարելին պիտի ընէ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող «քաղցկեղ»ին դէմ դնելու համար։
Ամերիկացի պաշտօնատարներ հաստատեցին, թէ իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերու ռմբակոծումը կը շարունակուի։