Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրման պիտի ներկայացնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, Ռուսաստանի կառավարութեան երէկուայ նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր այս հարցի

քննարկումը:
«Միացման պայմանագիրը հիմնարար փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Պելառուսի Հանրապետութեան եւ Ղազախստանի Հանրապետութեան միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միանալու պայմաններու մասին» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանը, Պելառուսը եւ Ղազախստանը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մասին պայմանագիրը ստորագրեցին Մայիս 29ին Աստանայի մէջ: Այն ուժի մէջ պիտի մտնէ 2015 թուականի Յունուար 1-էն: Վլատիմիր Փութին Հայաստանի անդամակցութեան մասին խօսելով, Յուլիս 1-ին յայտարարած էր թէ ՀՀ շուտով պիտի դառնայ միութեան լիիրաւ անդամը: