Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 30 Յուլիսին, Լոս Անճելըս ժամանեց Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ:

ԱՄՆի արեւմտեան թեմի հաղորդագ-րութենէն կ'իմացուի, թէ առաջնորդը յետմիջօրէին հասաւ Ազգային առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Երկու հոգեւոր առաջնորդները խորհրդակցութիւն ունեցան զոյգ թեմերը յուզող հարցերուն շուրջ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Կիրակի, 3 Օգոստոսին, Խորէն սրբազան Ս. պատարագ մատուցանեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Ազգ. առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» պատկերասփիւռի յայտագիրը նաեւ հարցազրոյցով մը պիտի հիւրընկալէ հիւր առաջնորդը: