Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

2014 թուականը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի յիսնամեակն է: Այս առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ յիսնամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական յանձնախումբը հրապարակած է յիսնամեակի խորհրդանշանը (logo-ն):

Խորհրդանշանը պատրաստած է ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան անդամ մը: Խորհրդանշանին մէջ կը տեսնենք ՀՅԴ զինանշանը, ասպնջական երկրի անունը («Աւստրալիա»), որուն մէջ կը գործէ ՀՅԴն 50 տարիներէ ի վեր, 2014 թուականը եւ 50 թիւը, որ կը խորհրդանշէ Դաշնակցութեան տարիքը Աւստրալիոյ մէջ: Խորհրդանշանը զարդարուած է եռագոյնով որ կը խորհրդանշէ Հայաստանի Հարապետութեան դրօշակը, այն դրօշակը, զոր ՀՅԴ-ն 124 տարիներ շարունակ պաշտպանած է:
Յանձնախումբը նախատեսած է կազմակերպել ձեռնարկներ Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին եւ հրաւիրած է շարք մը այլ երկիրներէ հիւրեր:
ՀՅԴն, որ հիմնուած է 1890ին, Աւստրալիոյ մէջ հիմնուեցաւ 1964ին խումբ մը նուիրեալ դաշնակցականներու կողմէ, որոնք տարբեր երկիրներէ գաղթած էին Աւստրալիա եւ կարեւոր նկատած էին ՀՅԴի նման կազմակերպութեան մը ներկայութիւնը գաղութէն ներս: