Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իսրայէլեան բանակը կարճ հրադադարներէ ետք, կը շարունակէ անխնայ ռմբակոծել  Կազան, պաղեստինցի զոհերուն թիւը կտրուկ բազմապատկելով:
Պաղեստինցիները եւս, իրենց դէմ կատարուած յարձակումներուն դիմաց բուռն դիմադրութիւն ցոյց կուտան: Բուռն ռմբակոծումներու արդէն 24-րդ օրն է, սակայն հրադադարի հաստատման որեւէ նշոյլ չկայ: Բոլոր անոնք, որոնք Կազայի մէջ թակարդուած են, որեւէ ելք չունին դէպի Իսրայէլ կամ Եգիպտոս: Անոնք, ամէն օր, զոհեր եւ վիրաւորներ կը տեսնեն, ռմբակոծումներէն պաշտպանուելու հնարաւորութիւն չունենալով:
Նոյն պահուն, հակառակ Իսրայէլի հաւաստիացումներուն թէ անմեղ քաղաքացիներու դէմ ուղղուած չեն յարձակումները, իրականութեան մէջ վայր չէ մնացած Կազայի մէջ, ուր կարելի է ապաստան գտնել եւ պաշտպանուիլ յարձակումներէն:
Ֆրանսական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդման համաձայն, դիակները լեցուցած են փողոցները, մինչ հիւանդատար ինքնաշարժներ ճիգ կը կատարեն շրջան հասնելու՝ Իսրայէլի կողմէ «մարդասիրական հրադադարի» հաստատումէն անմիջապէս ետք...