Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ Օգնութեան Միութեան միջազգային Չորորդ Նաւապըտոյտը տեղի ունեցաւ Յուլիս 3-15, 2014, մասնակցութեամբ աւելի քան 230 ՀՕՄ-ականներու եւ համակիրներու:

ՀՕՄ-ի 2014-ի նաւապտոյտը սկիզբ առաւ Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքէն, ուր ճամբորդները առիթը ունեցան այցելելու Սուրբ Ղազար կղզին եւ վանքը:

Աբբահայր Եղիա Քիլաղպեանն ու Սուրբ Ղազար վանքի հայրերը ընդունեցին մասնակիցները, որոնք շրջագայելով հարուստ պատմութիւն կրող թանգարանն ու մատենադարանը, մօտէն ծանօթացան վանքի բազմադարեան պատմութեան: Այցելութեան աւարտին, Աբբահայրը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մեծ թիւով հայրենակիցներու այցելութիւնը՝ հայկական պատմութեան մէջ գլխաւոր դեր ունեցող Սուրբ Ղազար կղզին:

Տասնըերկու օրուան ընթացքին ճամբորդները այցելեցին Միջերկրականի ափին գտնուող զանազան գեղատեսիլ վայրեր եւ քաղաքներ՝ Գոբէր (Սլովէնիա), Ռավէնա, Պարի, Նափոլի (Իտալիա), Սփլիթ եւ Տուբրովնիկ (Խրուաթիա), Քոթոր (Մոնթենեկրօ), Վալեթթա (Մալթա), եւ Գաթանիա (Սիսիլի): Նաւապտոյտին ընթացքին ՀՕՄ-ի կողմէ կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ եւ ելոյթներ: Հայկական խրախճանքի, հայրենասիրական,
եւ ժողովրդական երգերու երեկոները ճոխացուցին հանրածանօթ երգիչներ՝ Հրաչ Կայծակեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան եւ երաժիշտ՝ Սեդօ Պաղտասարեանը: ՀՕՄ-ի կողմէ կազմակերպուած «Անգլիական Թեյասեղան»ին հրաւիրուած էին բոլոր տիկինները, որոնք ներկայացան շքեղ գլխարկներով: «ՀՕՄի Օր»ուան առթիւ, Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Սօնա Աքէլեան փոխանցեց օրուան խօսքը: Աքէլեան բարիգալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ ներկայացնելով ՀՕՄի ծրագիրները, ըսաւ. «…այս աշխատանքները ՀՕՄը կարողացած է յաջողութեամբ պսակել շնորհիւ իր ՀՕՄականներու նուիրեալ ջանքերով եւ իր անհամար համակիրներուն եւ բարերարներուն առատաձեռն ու շարունակական հոգածութեան: …Կեդրոնական վարչութեան անունով, կու գամ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու բոլոր մեր նուիրատուներուն, որոնք թիկունք կը կանգնին մեր Միութեան, պատերազմական դաժան այս պայմաններուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հասնելու համար»:
Կազմակերպուած էր նաեւ զոյգ դասախօսութիւն՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ներդրումի թեմայով, որոնք ներկայացուեցան Լիբանանէն՝ Դոքթ. Ռաֆֆի Սէմէրճեանի եւ Դոքթ. Ստեփան Տէր Պետրոսեանի կողմէ: Յուլիս 15-ին նաւապտոյտը վերջ գտաւ Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի մէջ: Տեղական զբօսաշրջիկային ընկերութեան հետ նախապէս կատարուած կարգադրութեան համաձայն, մեծ թիւով մասնակիցներ շրջագայեցան յաւիտենական քաղաքին տեսարժան եւ հանրածանօթ վայրերը եւ ծանօթացան անոր պատմութեան: Ի պատիւ ՀՕՄի Նաւապտոյտի պատասխանատու ընկերուհիին եւ յանձնախումբի ժրաջան աշխատանքին, ՀՕՄի 4րդ նաւապտոյտը յաջողութեամբ համախմբեց բոլոր ցամաքամասերէն ՀՕՄուհիներ եւ համակիրներ: Եւրոպայէն մասնակից մը կը գրէ՝ «Շնորհակալութիւն, ամէն ինչ շատ լաւ կազմակերպուած էր եւ հիանալի աշխատանք տարուած ՀՕՄին կողմէ: Շատ լաւ ժամանակ անցուցինք եւ յոյսով ենք, որ յաջորդ նաւապտոյտին դարձեալ կը տեսնուինք»: «Իսկապէս յիշատակելի օրեր անցուցինք միասնաբար, ՀՕՄի շնորհիւ: Վարձքերնիդ կատա՛ր» կ՛ըսէ Աւստրալիայէն ճամբորդ մը: «Կը շնորհաւորեմ այս յաջող նաւապտոյտին առիթով… շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք …վարձքերնիդ կատա՛ր» կը նշէ Գանատայէն մասնակից մը: Գալիֆորնիայէն մասնակից մը կը գրէ՝ «Բոլո՛րս ալ շատ հաճելի եւ յիշատակելի 12 օրեր անցուցինք մեր բարեկամներուն եւ ընկերուհիներուն հետ: Անհամբեր կը սպասենք յաջորդ նաւապտոյտին: Ինչպէս միշտ, շա՛տ լաւ աշխատանք տարուած էր»:
ՀՕՄի Նաւապտոյտի պատասխանատու՝ Շաքէ Պասմաճեան կը նշէ.- «Երախտապարտ եմ բոլոր ճամբորդներուն, որոնք մասնակցեցան ՀՕՄի Նաւապտոյտին եւ յիշատակելի օրեր անցուցին: Անոնք ՀՕՄի կեանքին մաս կազմեցին, գիտակցելով, թէ այս նաւապտոյտի հասոյթը պիտի տրամադրուի մարդասիրական ծրագիրներու՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի մէջ: Այս դժուարին օրերուն, ՀՕՄը կարիքը ունի աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող բոլո՛ր հայերուն…»: Տաքուկ հայկական ճոխ մթնոլորտի մէջ, ճամբորդները առիթը ունեցան նոր ծանօթութիւններ կերտելու: