Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երեւան «Արմէնփրէս».¬ Քաննի ու Պեռլինի միջազգային շարժանկարի փառատօներու գլխաւոր մրցանակներու դափնեկիր թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Ակինի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմը կը ցուցադրուի Օգոստոս 27-էն Սեպտեմբեր 6-ին կայանալիք Վենետիկի 71-րդ միջազգային կինոփառատօնին   ընթացքին։
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ  «Խզում» խորագիրը կրող ֆիլմը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ մարդու՝ Նազարէթ Մանուկեանի պատմութեան մասին, որ տարիներ յետոյ  յանկարծակիօրէն  կþիմանայ, որ իր զոյգ աղջիկները շատ հաւանաբար ողջ մնացած են եւ կը սկսի անոնց փնտռտուքները։
Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են Արսինէ Խանճեանը, Սիմոն Աբգարեանը, Ակին Ղազին եւ ուրիշներ։
Պատմութեան  հեղինակներն են ինքը՝ բեմադրիչը  եւ Մարտիկ Մարտինը։ Մէկ ժամ երեսունութ վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմը անգլերէն լեզուով է, սակայն փառատօնի ընթացքին կը ցուցադրուի գերմաներէն թարգմանուած տարբերակը։ «Ես կարծում եմ, որ չարութիւնը մեր մէջ է լինում ծնուելու պահից սկսած։ Ինձ  համար յատկապէս հետաքրքիր է ուսումնասիրել այն փաստը, որ չարութիւնը իրականում բարութիւնից անցման գործընթաց է եւ որ կայ նաեւ դրա հակառակ երեւոյթը։ Այս երկու հասկացութիւնները սերտօրէն կապուած են միմեանց։ Օրի- նակ՝ մարմնի ամենագեղեցիկ մասերը կարող են քաղցկեղ ունենալ իրենց ներսում, կամ միեւնոյն անձը կարող է ընդունակ լինել եւ ամենագեղեցիկ արարքին, եւ ամենաբռնի յանցագործութեան», ¬դիտել տուած է բեմադրիչը:
Եւրոպացի նշանաւոր կինոգործիչ, ազգութեամբ թուրք Ֆաթիհ Ակինը ծնած է Գերմանիայի Համբուրկ քաղաքը։ Ան բազմաթիւ փառատօներու դափնեկիր է: