Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2014-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կատարեց Քեսապի Գարատուրան շրջանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը:

Կիրակի, 27 յուլիս 2014-ին, սրբազան հայրը Քեսապի ազատագրումին յաջորդող առաջին Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց նշեալ եկեղեցւոյ մէջ՝ Վարդավառի տօնին առիթով, հոծ բազմութեան ներկայութեան: Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառին օրհնութիւններն ու անվերապահ զօրակցութիւնը: Առաջնորդը մօտէն տեղեակ դարձաւ տեղափոխուած քեսապցիներու դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին: