Իտալիայի Նափոլի քաղաքին մէջ սկսած են զարգանալ հայ-իտալական մշակութային կապերը:
Վերջերս, Նափոլիի հայ համայնքի պատասխանատու Գէորգ Թովմասեանի, Իտալական «Ռեջինա Էլենա միջազգային ասոցիացիայի» ներկայացուցիչ պրն. Ռոդոլֆօ Արմենիոյի, Իտալիայի Փիլիսոփայական հետազօտութիւններու Ինստիտուտի փրոֆեսոր Անտոնիօ Գարգանոյի հրաւէրով եւ Իտալիոյ համընդհանուր աշխատանքի կոնֆեդերացիայի (CGIL) Նափոլիի գրասենեակի աջակցութեամբ տեղի ունեցան շարք մը դասախօսութիւններ «Հայ-Իտալական կապերը 13-րդ դարին, Իտալական արուեստի ազդեցութիւնը Կիլիկեան ձեռագրերու եւ մանրանկարչութեան մէջ» թեմայով, որոնք ներկայացուց Հայաստանէն յատուկ հրաւէրով ժամանած ԵՊՀ-ի եւ Ֆրանսայի Պոլ Վալերի համալսարանի ասպիրանտ Էմմա Չուգասզեանը:
Պոմպէյ-Գառնի քոյր քաղաքներ դառնալու առաջարկ
Դասախօսութիւններու շարքը ամփոփեցաւ Պոմպէյ քաղաքի քաղաքապետարանէն ներս կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին, ուր Պոմպէյի փոխ քաղաքապետի ջերմ ընդունելութեան տակ քննարկուեցան հայ-իտալական մշակութային կապակցութիւններու վերաբերեալ տարբեր հարցեր:
Նէափոլիի հայ համայնքի պատասխանատու Գէորգ Թովմասեանի եւ Պոմպեյի փոխքաղաքապետ տիկին Իմմա Պիրոցցիի կողմէ շօշափուեցաւ Պոմպէյը Գառնիի հետ քոյր քաղաքներ դարձնելու առաջարկը: