1000 պաղեստինցիներ ապաստան գտան յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ
Անվտանգութեան նպատակներով երէկուընէ կանգ առած են եւրոպական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքները դէպի Իսրայէլ: Նոյն գիծին հետեւած են նաեւ ամերիկեան օդանաւային որոշ ընկերութիւններ, լուրջ մտահոգութիւն պատճառելով Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նեթանիահուին, որ այս խնդրով ստիպուած եղած է ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիին դիմելու:
Օդանաւորդութեան Եւրոպական Անվտանգութեան գործակալութիւնը յայտարարած է թէ «ջերմ առաջարկութեամբ» կը դիմէ եւրոպական ընկերութիւններուն, խուսափելու Թել Ավիվի միջազգային օդանաւակայանը օգտագործելէ, մինչեւ նոր ուղղութիւն:
Միւս կողմէ, Ռոյթըրզ կը յայտնէ թէ շուրջ 1000 պաղեստինցիներ, փրկուելու համար իսրայէլեան յարձակումներէն, ապաստան գը-տած են 12րդ դարու Սուրբ Փորֆիրիոսի յոյն-ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Այսուհանդերձ այս ապաստանարանն ալ ապահով չէ եղած, քանի որ իրենց ժամանումէն քիչ յետոյ՝ իսրայէլեան ռազմական օդանաւներ ռմակոծած են մօտակայ դաշտը, վնասներ պատճառելով եկեղեցւոյ եւ անոր կից գտնուող գերեզմանատան:
Ալեքսիոս արքեպիսկոպոսը յայտնեց, թէ եկեղեցին հագուստեղէն եւ սնունդ տրամադրած է գաղթականներուն եւ խաղալիքներ՝ փոքրիկներուն: «Սկիզբը 600 հոգի էին, բայց շուտով սկսան ուրիշներ ալ գալ: Շատ են երեխաներն ու պատանիները: Օգնութեան պէտք պիտի ունենանք» ըսած է ան:
Նշենք, որ բախումները կը շարունակուին պաղեստինեան դիմադրութեան եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ: Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ, որ Չորեքշաբթի արշալոյսին կորսնցուցած է երկու զինուոր, որոնցմէ մէկը զրահապատ մեքենաներու ուժերուն մէջ գնդապետ մըն է: Այդպիսով, իսրայէլեան բանակը խոստովանած եղաւ, որ Կազայի դէմ իր յարձակումին սկսելէն ետք, այսինքն շուրջ 20 օրուայ մէջ, 30 զոհեր ունեցած է:
Քասսամի փաղանգները երէկ նաեւ յայտարարեցին, որ իրենց մարտիկները Տէյր Պալահի մէջ ցամաք-օդ հրթիռով մը վար առած են «Էֆ-16» տիպի պատերազմական օդանաւ մը: