Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 18-20 Յուլիս 2014ին, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը գումարեց իր 94րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին:

Ժողովը սկիզբ առաւ Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2014ին, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանի ողջոյնի խօսքերով:
Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: ՀՅԴի Կեդր. կոմիտէի պատգամով ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց Անի Քէշիշեան:
Շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն եռօրեայ սոյն ժողովի դիւանի պարտականութիւնը կատարեցին ատենապետներ Սօսի Փօլատեան (հայերէն) եւ Լարա Գազանճեան (անգլերէն), անգլերէնի քարտուղարութիւնը՝ ընկերուհիներ Ռիթա Հինդլեան եւ Սենտի Թովմասեան, իսկ հայերէնի քարտուղարութիւնը՝ Յասմիկ Ուրֆալեան եւ Մարալ Փօլատեան:
Ժողովականները հետեւեալ ընկերուհիները ընտրեցին՝ իբրեւ Շրջանային վարչութեան նոր անդամներ. Պեքի (Ռեպեքա) Պէրպէրեան, Սաթենիկ Ղազարեան, Այտա Պապայեան եւ Ռիթա Հինդլեան:
Ժողովէն ետք, Շրջանային վարչութեան կազմը ունեցաւ իր առաջին լիագումար ժողովը, որուն ընթացքին ընտրեց իր դիւանը՝ պաշտօններու հետեւեալ բաժանումներով.
* Համա-ատենապետներ՝ Մարալ Մաթոսեան եւ Պեքի (Ռեպեքա) Պէրպէրեան
* Քարտուղար՝ Ռիթա Հինդլեան
* Գանձապահ՝ Այտա Պապայեան-Ալռայէս
* Հաշուապահ՝ Ճիւտի Ճինկիրեան (Սան Ֆրանսիսքօ)
* Խորհրդականներ՝ Նանիկ Քիւփէլեան, Արաքսի Այգանեան, Սաթենիկ Ղազարեան եւ Ատրինէ Փոսթոյեան (Ֆրեզնօ):

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ՀՕՄի 22րդ Շրջանային Ժողովի գումարում

Նոյնպէս Հայաստանի մէջ կը գումարուի ՀՕՄի 22րդ Շրջանային Ժողովը, Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով:
«Երկիր Մետիա»ին խօսելով ընկ. Նարինէ Գալստեան դիտել տուաւ թէ երկօրեայ ժողովը պիտի գնահատէ կառոյցի այս երկու տարիներու գործունէութիւնը եւ պիտի ընտրէ Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմ:
Պատգամաւորական ժողովին իրենց մաս-նակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի տարբեր մարզերէն ժամանած աւելի քան 47 ՀՕՄու-հիներ եւ հիւրեր ու հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Ալեսիա Բեջանեանը: