Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Փխրուն զինադադարէն հազիւ մի քանի ժամ ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նեթանիահու հրահանգ տուաւ իր երկրի բանակին, ներխուժում գործելու Կազայի շրջանէն ներս, պատրուակելով ահաբեկիչներու կողմէ օգտագործած անցքերու ոչնչացման կարիքը:

«Վարչապետը եւ պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարական ուղղած են Իսրայէլի Զինուած Ուժերուն, որպէսզի հարուածեն ահաբեկիչներու գործածած փապուղիները որ Կազայէն Իսրայէլ կ'առաջնորդեն» ըսուած է յայտարարութեան մէջ: 

Յարձակումին մաս կը կազմեն ցամաքային ուժեր, զրահապատ, հրետանային, ինչպէս եւ օդային եւ նաւատորմի ուժեր:
Կազայի մէջ ընդհատուած է ելեկտրական հոսանքը եւ ականատեսները կը վկայեն թէ ծանր ռմբակոծութիւն տեղի ունեցած է:
Իսրայէլեան բանակը Կազայի հիւսիսը գտնուող թաղամասերու բնակչութեան կոչ ուղղած է հեռանալու շրջանէն եւ իրենց բնակարանները չվերադառնալու՝ մինչեւ որ այդ հրահանգը չտրուի: