Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երէկ կէսօրէ ետք (Յունաստանի ժամով 16:30ին) Ուքրանիա-Ռուսաստան սահմանագիծէն ոչ շատ հեռու Տոնեցկի շրջանին մէջ, - ուր ամիսներէ ի վեր կ'ընթանան բուռն հակամարտութիւնները -, հրթիռի յարձակում գործուեցաւ Մալէզիոյ օդանաւային ընկերութեան պատկանող Boeing 777 տիպի սաւառնակի մը դէմ, որ 295 ճամբորդներ կը փոխադրէր Ամսթերտամէն դէպի Քուալա Լումփուր:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ օդանաւը յարձակումի ենթարկուած է երբ թռիչքը կը կատարէր 10 հազար մեթր բարձրութեան վրայ, բայց դեռ յայտնի չեն դարձած յարձակումի պատճառները: Ուքրանական կողմը յարձակումի արարքի պատասխանատու կը նկատէ ռուսալեզու ապըստամբները, մինչ անոնք կը յայտարարեն, թէ նման կարողութեան ռազմական սարքաւորումներ չունին եւ յանցանքը կը նետեն ուքրանական ուժերուն վրայ: Քննութիւններ կը կատարուին ԱՄՆի մասնագէտներու կողմէ:
Ճամբորդներուն մէջ կային 154 հոլանտացիներ, 27 աւստրալիացիներ, 23 մալէզիացիներ, 11 հնդկաչիներ, 4 գերմանացիներ, 4 պելճիքացի, 3 ֆիլիփինցի եւ այլ: Կործանուած սաւառնակի բեկորները եւ մարդոց դիակները տա- րածուած են աւելի քան 15 քիլոմեթր երկարող տարածութեան վրայ: