Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիոյ մէջ արդէն 4 տարիէ ի վեր ընթացող ներքաղաքական պատերազմի պատճառով՝ Մարտ 21ին Քեսապէն հեռացած հայերը սկսած են վերադառնալ իրենց տուները, Յունիս 15ին Սուրիոյ պետական զօրքերու կողմէ քաղաքի ազատագրումէն ետք: 

Վերջին օրերուն ընթացքին Քեսապ վերադարձան նաեւ քաղաքը իսլամիստներու կողմէ գրաւուելէ ետք Թուրքիոյ տարածք տեղափոխուած եւ Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղը ապաստանած բոլոր տարեց քեսապահայերը: Լուրը կը հաղորդէ «Ակօս», նշելով թէ Քեսապը վնասուած վիճակի մէջ է ներկայիս, այսուհանդերձ հայ բնակիչները պատրաստ են ամէն ճիգ կատարելու, վերականգնելու համար իրենց պապենական օրրանը:
Հայկական աշխարհին մէջ շարունակուող քննարկումները Քեսապի վերականգնման աշխատանքին գծով, ծայր տուած են տարբեր նախաձեռնութիւններու, որ նիւթական եւ բարոյական ուղղութիւններով կ'ընթանան:
Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած քննարկումներու ընթացքին արաբագէտ մասնագէտներ շեշտեցին, թէ թուրք-սուրիական սահմանի վերահսկողութեան հարցը շատ կարեւոր ու կենսական է, Քեսապի կայուն ապագան երաշխաւորելու առումով: Արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեան դիտել տուած է թէ Քեսապի աշխարհագրական դիրքը այդ տարածքներուն մէջ բարդութիւններ ստեղծած է կառավարական ուժերուն առջեւ: «Նկատի ունեմ այդ բլուրները, այն հատուածները, որոնք հեշտացնում են զինեալներու ներթափանցումը, այս հատուածը բարդ կը լինի վերահսկել» կ'ըսէ ան, աւելցնելով թէ կարեւոր է շրջանի վերահսկողութեան շարունակութիւնը բանակին կողմէ:
Նշենք, թէ Քեսապի ազատագրումէն յետոյ, մօտ 250 հայ ընտանիք վերադարձած է Քեսապ, ուր վնասուած գտած են իրենց բնակարանները, եկեղեցիները եւ հաստատութիւնները: