Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանի երեխաներու հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 14ին, հարաւային Փորթուկալի մէջ իր աւարտին հասած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզի արկածախնդրական նաւապտոյտը, որ Մայիս 3ին սկսած էր Վըրճինիայէնէն։

Անդրատլանտեան այս 3260 մղոննոց ճամբորդութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն էր դեսպանին համար, որ զայն իրականացուցած է 43 ոտք «Ուրախ Ճակատագիր» արագաստանաւով։
Ճամբորդութեան աւարտին, դեսպանը յայտարարած է, թէ իրագործումը խորհրդանշականօրէն կը նուիրէ Հայաստանի երեխաներու հիմնարկին, որովհետեւ անիկա իր ճամբորդութեան դժուարութիւնները յիշեցնող խոչընդոտներ յաղթահարելով՝ յատկանշական ներդրումներ կ՛ունենայ կարիքաւոր երեխաներու կեանքերը բարելաւելու աշխատանքին մէջ։
Հայաստանի երեխաներու հիմնարկի հիմնադիր ու տնօրէն Կարօ Արմէն շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ աւելցնելով, թէ դեսպանին այս իրագործումին ի պատիւ՝ շարք մը յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարուած են Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամին։ 2003ին հիմնուած Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամի մարդասիրական գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.coafkids.org կայքը: