Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպան Տիգրան Սարգսեան Յուլիս 14-ին իր հաւատարմագրերը յանձնեց ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային:
Հաւատարմագրերու յանձնման պաշտօնական արարողութեան դեսպան Սարգսեան նշեց, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կ'առանձնանան բարձր մակարդակով եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ։ ՀՀ դեսպանը աւելցուց, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ:
Ողջունելով եւ շնորհաւորելով Տիգրան Սարգսեանին դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկի կապակցութեամբ՝ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպաման վստահութիւն յայտնեց, որ ՀՀ նորանշանակ դեսպանը իր հարուստ փորձն ու գիտելիքները լաւագոյնս կը ծառայեցնէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման գործին:
Նախագահ Օպաման շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, գործընկերութիւնը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը:
Նախագահ Օպաման ընդգծեց նաեւ, որ ԱՄՆ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման եւ ամրապնդելու Հարաւ. Կովկասի անվտանգութիւնը: