Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին քեսապահայ Կարօ Մանճիկեանը ըսաւ թէ օգնութիւն սկսած է բաժնուիլ բնակիչներուն, աւելցնելով, թէ  առաջին նպաստները պիտի տրամադրուին տուներու վերականգնումի գծով տարուող  տարբեր աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ  յաջորդ օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի գիւղատնտեսութեան, արհեստանոցներու  վերականգնման, անհրաժեշտ սարքաւորումներ գնելու համար:
Կարօ Մանճիկեանի խօսքով՝ առաջին օժանդակութիւնը, որ կը բաժնուի  բնակիչներուն, տրամադրուած է  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ: «Այսպէս հերթականութեամբ բոլոր օգնութիւնները պիտի յատկացւին քեսապցիներուն, եւ  կեանքը  աստիճանաբար բնականոն հունով պիտի ընթանայ»,- կÿըսէ ան:
Մանճիկեան տեղեկացուցած է նաեւ թէ Սուրիայի Կարմիր Մահիկի կազմակերպութիւնը բնակիչներին կենցաղային իրեր տրամադրած է: Անհրաժեշտ պարագաներով փոքր կապոցներու օգնութիւն տուած է նաեւ յոյն ուղղափառ եկեղեցին:
Կիները կը շարունակեն մաքրութեան աշխատանքներ կատարել բնարականներուն մէջ: Բերքին վիճակի մասին՝ Մանճիկեան նշեց, որ այս տարուայ խնձորի բերքը լաւ է, ինչ որ մխիթարող է բնակիչներուն համար: