Ինչպէս կը հաղորդէ «Հալէպի հայեր» ֆէյսպուքեան էջը, հալէպահայերու թաղման արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Ալ Ֆուրքան շրջանէն ներս յատկացուած տարածքին մէջ, որը կը գտնուի Նոր Գիւղէն 4 քմ հեռաւորութեան վրայ, Հայաստանի նախկին հիւպատոսարանին առջեւ:
Հալէպի Շեյխ Մակսուտ շրջանէն ներս ծայր առած ընդհարումներու եւ անոնց շարունակութեան պատճառով թաղամասէն ներս գտնուող քրիստոնեաներու գերեզմանները յայտնուած են բախումներու վտանգաւոր գօտիէն ներս: Շեյխ Մակսուտ թաղամասին մէջ շարունակուող բախումներն ու ռմբակոծութիւնները անհնար դարձուցած են ճանապարհը դէպի գերեզմանատուն, որը կÿօգ- տագործուէր Շեյխ Թահայի, Վիլլաներու եւ Նոր Գիւղ հայ համայնքներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ առաքելական, աւետարանական եւ կաթոլիկ համայնքներու գերեզմանները: Ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով՝ Սուրիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս հողատարածք մը տրամադրեց ծայրամասէն ներս, քրիստոնեաներու թաղման արարողութիւնները կատարելու համար:
Սուրիոյ մէջ արդէն աւելի քան երկու տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհերու թիւը կը գերազանցէ 70 հազարը, որոնց կարգին զոհուած հայերու թիւը մօտ հինգ տասնեակ է: