Երէկ Կիրակի գիշեր, իր աւարտին հասաւ ամիս մը գրեթէ տեւած ոտնագնդակի աշխարհի ախոյեանութեան Մունտիալը, Գերմանիոյ եւ Արժանթինի ազգային խումբերու ճակատումով:
113րդ վայրկեանին, Միրոսլաւ Քլոզը փոխանակած Մարիօ Կէօթցէ, յաջողեցաւ Գերմանիոյ համար նշանակել մրցումի միակ կոլը՝ աշխարհի ախոյեան
դարձնելով Գերմանիան:
Մրցումը հետաքրքրական էր, սակայն խաղի կանոնաւոր ընթացքը 0-0- հաւասարութեամբ աւարտեցաւ, դաշտը լեցուցած 75 հազար համակիրներու ներկայութեան: Մրցումը շարունակուեցաւ երկարաձգումով, երբ Կէօթցէ յաջողեցաւ կոլ նշանակել:
Արժանթին փորձեց արդիւնքը հաւասարեցնել, բայց երկու շատ լաւ առիթ կորսնցնելէ ետք, խումբի մարզիկներուն թափած բոլոր ճիգերը մնացին ապարդիւն:
Այսպիսով, Գերմանիա 4-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան եւ իր տիտղոսը ստացաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըրէն:
Նշենք, որ Գերմանիա երեք անգամ յաղթած է Արժանթինի՝ վերջին երեք մունտիալներուն ընթացքին, այսպիսով հանդիսանալով առաջին խումբը, որ այս մրցաշարքէն դուրս կը ձգէ խումբ մը՝ յաջորդական երեք մունտիալներու ընթացքին:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ստացաւ լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը, մինչ Լիոնել Մեսսի՝ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը:
Մէկ օր առաջ, ախոյենութեան 3րդ եւ 4րդ դիրքերուն տիրացած էին Հոլլանտա եւ Պրազիլ: