Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

21 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի Նիկոսիոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ խմբապետ սկաուտներու երդման արարողութիւնը, Կիպրոսի առաջնորդական փոխանորդ Վարուժան Արք. Հերկելեանի, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի կոմիտէի, ակումբի եւ քոյր

միութիւններու վարչութիւններու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ թեմական եւ վարչական ժողովներու ատենապետները, Նարեկ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետը եւ տնօրէնուհին։
Առաջին վարկեանէն զգալի էր ակումբի բակին մէջ ներկաներուն մօտ տիրող խանդավառութիւնը, ուր Եռագոյն դրօշին, միութեան վահանակին եւ սկաուտական շուշանածաղիկին ստեղծած վսեմութիւնը անգամ մը եւս վերածուեցան կնքող արժէքներու, վերականգնող եւ յաղթանակող խորհրդանիշներու։
Բացման խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի Կիպրոսի մեկուսի վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Գազանճեան՝ բացատրելով սկաուտական շարժման նշանակութիւնը եւ անոր նպատակը։
Յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական դրօշի օրհնութիւնը Սրբազան հօր կողմէ, որմէ ետք, ակումբի 80-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, երկինք բարձրացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական դրօշակը։
Հասած էր օրուան արարողութեան գլխաւոր դերակատարներու պահը. քոյր Ճինա Խաչատուրեան, եղբայրներ Արմէն Այվազեան եւ Յակոբ Աթաշեան մօտեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական դրօշին։ Եղբ. Յարութիւն Անմահունի իր հանդիսաւոր ելոյթով կարդաց երդումը, որ կրկնուեցաւ երեքին կողմէ։ Յուզիչ պահ մը եղաւ, գոյամարտի նոր խարիսխ մը նետուեցաւ, նուիրական նոր էջ մը բացուեցաւ, յուսահատութիւնը պարտուեցաւ եւ յարատեւութիւնը յաղթանակեց, խոչնդոտները ոտնակոխ եղան ու յառաջ նետուեցաւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։
Յաղթանակող այս արարողութեան յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ուղերձը, որ ընթերցուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի Կիպրոսի մեկուսի վարչութեան ատենապետին կողմէ։
Ներկաներու կողմէ բարձր գնահատուող այս նախաձեռնութիւնը վերջ գտաւ շնորհաւորական խօսքերով եւ յաջողութեան մաղթանքներով։
Յաջորդեց վարչութեան կազմակերպած հիւրասիրութիւնը, ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Յ.Գ. ¬ Նիկոսիա