Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Անտեսելով զինադադարի գծով ուղղուած միջազգային կոչերը, անցնող շաբաթավերջին Իսրայէլ շեշտացուց Կազայի հատուածին դէմ զինեալ յարձակումները։ Հիւսիսային Կազայի մէջ Պաղեստինցիները
սկսած են լքել իրենց բնակարանները, իսրայէլեան խիստ ռմբակոծումներու գիշեր մը անցուցած ըլլալէ ետք։
Ռմբակոծումներու արդիւնքն էր տասնեակ սպաննուածներ, ողբ եւ աւեր։  

Երէկ Կիրակի օր, ճգնաժամի սկիզբէն առաջին անգամն ըլլալով, իսրայէլեան ռազմական ուժեր Կազա ներխուժեցին։ Հելլէն մամուլը կը հաղորդէ թէ իսրայէլցի քոմանտօ¬զինուորականներ Համասի դիրքերու դէմ յարձակումներ գործեցին, նշելով թէ այդ դիրքերէն հրթիռներ արձակուած էին Իսրայէլի դէմ։ Այս յարձակումէն ետք Իսրայէլի բանակը տեղեկութիւն¬սպառնալիք մը տարածեց ժողովուրդին, նախազգուշացնելով թէ պէտք է հեռանան իրենց բնակարաններէն, քանի որ ռմբակոծումները պիտի սաստկանան։
Ընդհանուր առմամբ, 52 պաղեստինցիներ սպաննուեցան անցնող գիշերուան ընթացքին, ըստ միջազգային մամլոյ հաղորդումներուն։ Վերջին վեց օրերուն ընթացքին զոհուած է 165 մարդ Կազայի տարածքին, իսկ տուժածներու թիւը աւելի քան 1000 է։
Պէյթ Լահիյիայի մէջ բնակիչները կը մեկնին ինքնաշարժներով, կառքերով, բեռնատար կենդանիներու վրայ իրենց ապրանքները բեռցուցած ըլլալով։ Անոնց մեծ մասը կը փորձէ ապաստան գտնել հեռաւոր, աւելի ապահով դպրոցներու կամ պետական շէնքերու մէջ։ Պաղեստինցիներէն ոմանք արդէն ապաստանած են Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿի օգնութեան ծրագրի դպրոցներու շէնքերուն մէջ։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւն

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց թէ նախարար Ֆրանք¬Վալթեր Սթայնմայր այսօր Երկուշաբթի կը մեկնի Միջին Արեւելք, երկօրեայ այցելութեան նպատակով։ «Կազայի, ինչպէս եւ Իսրայէլի մէջ, բացարձակ գերակայութիւնը՝ զինադադարի իրագործումն է» յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս, աւելցնելով թէ Ֆրանսա, ինչպէս եւ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը կը պահանջեն 2012ի հրադադարի կարգավիճակի հաստատումը։

Նեթանիահու. «Կազայի Դէմ Զինուորական Հարուածները Պիտի Շարունակուին Մինչեւ Նպատակի Իրագործումը»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կազայի դէմ զինուորական հարուածները պիտի շարունակ¬ ւին մինչեւ նպատակի իրագործումը»: Ան ըսաւ, որ իրենց նպատակը Իսրայէլի քաղաքներուն հանդարտութիւնը վերականգնելն է եւ կրակոցի դադրեցումը:
«Մենք բոլոր ընտրանքները կը սերտենք եւ բոլոր հաւանականութիւններուն դիմակայման կը պատրաստուինք», ըսաւ ան, շեշտելով. «Կազային հասած բոլոր վնասներուն պատասխանատուն Համասն է»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման հոլովոյթը դրական չենք ընկալեր, երբ Կազայի մէջ մեր եղբայրները կը սպաննուին: Իսրայէլ պէտք է անմիջապէս յարգէ զինադադարը»:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարուածել Կազան, իսկ պաղեստինցիք հակադարձեցին հրթիռակոծելով իսրայէլեան բնակեցման վայրերը: Կազայէն արձակուած հրթիռներէն մէկը ինկաւ Աստոտի մէջ գտնուող վառելանիւթի կայարանի մը վրայ՝  պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ: Կազայէն արձակ¬ ւած հրթիռներուն պատճառով Աշքոլի մէջ իսրայէլացի երկու զինուորներ վիրաւորուեցան, իսկ Պիր Սապահի մէջ չորս բնակեցուածներ:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Հինգշաբթի օր Իսրայէլի դէմ 141 հրթիռ արձակ¬ ւած է, իսկ իսրայէլեան օդուժը Կազայի մէջ 220 թիրախ հարուածած է: