Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ատրպատականի հայոց թեմի՝ նախկին Պարսկահայքի ամբողջ տարածաշրջանը պատմական անցքերու ու անմահացած պատմական դէմքերու բնակավայրը եղած ըլլալուն, իւրաքանչիւր քայլափոխի կÿերեւին պատմութեան անկորնչելի հետքեր:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեան, վերջերս այցելեց Մարանդ քաղաքը, ուր ըստ մեր պատմահօր՝ Մովսէս Խորենացիի փոխանցած վկայութեան, հիւանդացած եւ մահացած էր հայոց Արտաշէս Բ. Թագաւորը (Ն.Ք. 20.թ.):
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաջնորդ սրբազանին տեղագրութիւնը, ամփոփ գիծերու մէջ.-
«Հայոց Պատմութեան բաւիղներուն մէջ քալելու հաճոյքը առաջին հերթին նախակրթարանի դասագրքերուն միջոցաւ եւ ապա քննական պատմութեան դասապահերու ընթացքին վայելելով, ի հաղորդութեան եկած էի ամբողջ պատանեկութեան եւ կանուխ երիտասարդական տարիներուս: Սակայն մտքէս բնաւ չէր անցներ, թէ պիտի գար օր մը, երբ ուղղակի հաղորդութեան մէջ պիտի ըլլայի հայոց պատմութեան աշխարհագրական տարածքներուն հետ, թէ՛ նախաքրիստոնէական եւ թէ քրիստոնէական դարա- շրջաններու դէպքերու վայրերուն մէջ:
Սբ. Թադէ եւ Սբ. Ստեփանոս երթալու մեր ճամբուն վրայ յաճախ ստիպողաբար անցած ենք Մարանդէն, սակայն նոր ազատուղիի վրայով շրջանցելով արդէն քաղաքի վերածուած նախկին Մարանդ գիւղը, դիտելով անոր մէջ միանուագ շարուած բարձրայարկ նոր շէնքերը: Միշտ ալ փափաք ունեցած ենք մտնել քաղաք, սակայն մեր ճամբէն չշեղելու եւ «ժամանակ չկորսնցնել»ու պատրուակով շարունակած ենք դէպի մէկ կամ միւս վանքը: Սակայն այս անգամ ուղղակի որոշելով մտնել քաղաք, մտանք եւ փնտռեցինք պատմական բերդը, ուր հիւանդանալով մահացած է Արտաշիսեան Հարստութեան ներկայացուցիչներէն՝ Արտաշէս Բ. Հայոց արքան:
Բերդին անունը տեղացիներէն ոչ ոք գիտէր: Իսկ անոր ուղղութիւնը ցոյց տուող եւ փողոցներուն մէջ տեղադրուած ցուցանակներուն վրայ մի քանի լեզուներով պարզապէս գրուած էր՝ «Հնագոյն բերդ»: Փաստօրէն բերդը անուն չունէր: Տեղացին ի՞նչ գիտէր հայոց պատմութեան մասին, կամ թէ՝ Մարանդը Վասպուրականի գաւառն էր ու Աշխարհացոյցի մէջ յիշուած Բաքանը, որ «Բակուրակերտ» անուան կրճատումն էր: Քաղաքէն շուրջ մէկ քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի «Եկան» անունով գիւղ մը, եւ այդ անուանումին համար տեղացիներ ունին աւանդութիւն մը, թէ՝ այդ յառաջ եկած է «Եկանք-Հոսանքէն» արտայայտութենէն, իբրեւ թէ Աստուածաշունչի մէջ ներկայացուած Ջրհեղեղէն ետք, Նոյին կինը առաջին անամ այդտեղ եկած է, եւ հետագային ալ այնտեղ թաղուած, որմէ նաեւ ծագում առած է «Մարանդ» անունը, որ կրնայ ըլլալ՝ «Մայրը՝ անդ» (թաղուած) անունին աղաւաղուած տարբերակը:
Սոյն քաղաքի ապագայ զարգացման եւ «Բակուրակերտ» կոչման հետ առնչուած է Հայոց Տրդատ Ա. Արշակունի թագաւորին անունը (62-88թ.), որ նոր քաղաք կը հիմնադրէ իր եղբօր՝ Բակուրի յիշատակին, որ Մարաստանի թագաւորն էր եւ հաւանաբար նոյն տեղն ալ թաղուած: Իր այս յարգանքի արտայայտութիւն եղող արարքին համար, Տրդատը պատմութեան մէջ կոչուած է ֆիլատելֆոս, որ կը նշանակէ Եղբայրասէր: Այս պատճառով, Պտղոմէոս պատմիչը քաղաքը կոչած է Ֆիլատելֆիա:
Հայոց պատմութեան հնատիպ գրքերուն մէջ, Խորենացիի նկարագրութեան հետեւողաբար տպագրուած է պատկեր մը, որ կը ներկայացնէ Արտաշէսի յուղարկաւորութիւնը: Այնտեղ կÿերեւի այն շքեղ փառքը, որ արքունիք եւ ժողովուրդ ընծայած է սիրելի թագաւորին: Կիներ, հարճեր, փողերախումբ, վերամբարձ գահ, մահուան բեհեզեայ սնար, նախարարներ եւ զինուորականներ կողքէն քալող եւ ի վերջոյ՝ թափօրին հետեւող բազմահազար ռամիկ ժողովուրդ:
Այժմու քաղաքէն մի քիչ բարձր՝ բլուրի վրայ գտնուող սոյն աւերակը շատ հաւանաբար այն վայրն էր, ուր իջեւանած է մեր Արտաշէս Բ. թագաւորը հիւանդ ըլլալուն պատճառով, եւ ուր նաեւ աւանդած է իր հոգին, երբ Արտեմիսի տաճարին կուռքերը ուշացուցին իրենց բժշկարար զօրութիւնը ուղարկել: Պատմական այլ վկայութեան համաձայն, Արտաշէսը դաւադրաբար թունաւորուած է իր հաւատարիմներուն ձեռքով, եւ իր եղբայրը գրաւած է գահը, Տիգրան Գ. անունով (Ն.Ք.20-10թ.)»: