Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռումանիոյ հեղինակաւոր համալսարաններէն մէկուն՝ Քլուժ-Նապոքայի Պապեշ-Պոլիայ համալսարանին մէջ այս տարուան սկիզբը հիմնուած Հայագիտական հիմնարկը սկսած է իր գործունէութեան: Այդ կապակցութեամբ Յուլիս 4ին Պապեշ-Պոլիայ համալսարան այցելած է Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Համլետ Գասպարեանը:
Համալսարանի նախագահ ակադեմական Եոան-Աուրել Փոփի եւ Հայագիտական հիմնարկի նախաձեռնող եւ ղեկավար դոկտոր փրոֆեսէօր Լուչիան Նասթասէ-Քովաչի հետ հանդիպման ընթացքին խօսուած է Ռումանիոյ մէջ հայագիտութեան աւանդութիւնները վերականգնելու մասին՝ հաշուի առնելով այդ բնագաւառին մէջ կուտակուած ծաւալուն նիւթը եւ զանոնք կեդրոնացնելու եւ գիտական ուղղուածութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:
Ակադեմական Եոան-Աուրել Փոփ պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ գիտական այլ ծրագրիրներու շուրջ համագործակցութիւն հաստատել Հայաստանի կրթահետազօտական հաստատութիւններուն հետ: Ըստ դոկտոր փրոֆեսէօր Լուչիան Նասթասէ-Քովաչիու՝ հիմնարկի առաքելութիւնը ոչ միայն Թրանսիլվանիոյ եւ ամբողջ Ռումանիոյ հայագիտական հարուստ նիւթերու ուսումնասիրութիւնն է, այլ հայոց պատմութեան հարցերով գիտական կապեր զարգացնել Հունգարիոյ, Լեհաստանի, Ուքրանիոյ եւ պալքանեան երկիրներուն հետ՝ այդպիսով դառնալով Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայագիտութեան կեդրոն:
Այդ հարցերու շուրջ դեսպան Գասպարեան եւ Նասթասէ-Քովաչ նոյն օրը միտքեր փոխանակած են նաեւ Ռումանական ակադեմիոյ Քլուժի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմական Նիկոլայէ Էտրոյուի եւ Թրանսիլվանիոյ ազգագրական թանգարանի տնօրէն Թուտոր Սալաճանի հետ: