Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հելլէն մամուլը կը հաղորդէ, թէ սերպական South Stream Serbia AG եւ ռուսական Centar Gas ընկերութիւնները Պելկրատի մէջ համաձայնագիր կնքեցին բնական կազի South Stream խողովակաշարի կառուցման մասին: Տուեալ խողովակաշարի այն մասը որ Սերպիայի տարածքէն պիտի անցնի, պիտի արժէ 2.1 միլիառ եւրօ եւ պիտի երկարի 422 քիլոմեթր տարածութեան վրայ: Շինարարական ծրագրին պիտի մասնակցին բաւական մեծ թիւով սերպական ընկերութիւններ եւ հազարաւոր աշխատաւորներ: Կազատարի աւելի փոքր բաժիններ պիտի կառուցուին Խրուաթիոյ եւ Պոսնիա-Հերցեկովինայի մէջ:
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ ընկերութիւններու տնօրէններուն կողմէ, որոնք շեշտեցին թէ պատմական օր մըն է Սերպիոյ համար, ուժանիւթի մարզէն ներս: Անոնք յստակացուցին թէ 2016ին արդէն աւարտած պիտի ըլլայ ծրագիրը եւ բնական կազը պիտի հասնի Սերպիա, տուեալ խողովակաշարին միջոցաւ:
Փաստօրէն, Սերպիա, Արեւմուտքի եւ Եւրոպական Միութեան հետ 15 տարուայ խնդրայարոյց յարաբերութիւններէ ետք, որոշեց թէ իր երկրին համար աւելի ձեռնտու է Ռուսաստանի հետ պատմական դաշնագիր մը ստորագրելու պարագան, հակառակ իր դէմ կատարուած զգուշացումներուն եւ նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու դադրեցման սպառնալիքին:
Նշենք, որ Սերպիոյ ընկերութեան տնօրէն Պայաթովիչ երկօրեայ այցելութիւն մը տուած էր Մոսկուա, ուր հանդիպումներ ունեցած էր վարչապետ Մետվետեւի եւ նախագահ Փութինի հետ: