Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ճափոնի մօտ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թոքիոյի «Կինզա-Եամահա» համերգասրահին մէջ անցեալներս տեղի ունեցած է ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի մենահամերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145ամեակին:

Համերգին, որուն ներկայ եղած են ճափոնցի արուեստասէրներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։
Թաքահիրօ Աքիպա ուսանած է Թոքիոյի արուեստներու համալսարանի դաշնամուրի բաժինին մէջ, ապա՝ Մոսկուայի Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: 2013ին Գերմանիոյ մէջ իրականացած «Կոմիտաս» անուանումով միջազգային փառատօնին Աքիպա արժանացած է առաջին մրցանակին: