ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պիտի դառնայ ամէնէն մօտ ապագային:
Հանդիպումին հիմնական նիւթը Ռուսիոյ ազգային շահերու պաշտպանութիւնը եղած է:
Փութին մէկ օր առաջ ստորագրած էր Հայաստան բնական կազ, քարիւղի մթերք եւ չմշակուած բնական ադամանդներ արտածելու մարզին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը, ըստ որուն, Ռուսիայէն Հայաստան ներածուող այդպիսի ապրանքներու վրայ տուրքեր պիտի չըլլան: