Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յոյն ուղղափառ եկեղեցին փոքր օգնութիւն տրամադրած է քեսապցիներուն

Յունիս 15-ին սուրիական բանակին կողմէ Քեսապի ազատագրումէն ետք, հայրենիք վերադարձած քեսապահայերը ծանր վիճակի առջեւ գտնուեցան:

Այս մասին «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետ Նարեկ Լուիսեան՝ աւելցնելով, որ քեսապցիներու բոլոր բնակարանները անխտիր կողպտուած են: Ըստ անոր խօսքերուն, բնակարաններէն որոշները զրկուած են բոլոր տեսակի տեխնիկայէն՝ սառնարանէ, լուացքի մեքենայէ, խոհանոցային անհրաժեշտ պարագաներէ, որոշները հրկիզուած են, միւսներու վրայ ռումբ ինկած է եւ այնտեղ հնարաւոր չէ ապրիլ: Որոշ բնակարաններէ գողցուած են միայն հագուստներ եւ տան իրեր, զարդեր: «Ահռելի չափերով տարբեր տեսակի իրեր գողցուած եւ տեղափոխուած են Թուրքիա»,- նշեց վարդապետը:
Ան նաեւ աւելցուց, որ քեսապահայ կիները կը շարունակեն գիշերել Լաթաքիայի մէջ, քանի որ շատերու խոհանոցները քանդուած են, հնարաւոր չէ ճաշ պատրաստել, կատարել տնային գործերը, ուստի անոնք ցերեկը Քեսապ կþերթան մաքրութիւն, դասաւորութիւններ ընելու համար, որմէ ետք ետք կը վերադառնան Լաթաքիա: Իսկ այր մարդերը կը գիշերեն Քեսապի մէջ. անոնք սկսած են հաւաքել բերքը՝ չնայած որ չափազանց դժուար իրավիճակի մէջ են: Գողցուած են բոլոր տեսակի գործիքները, թրաքթորները, եւ այժմ արտը վարելու համար անհրաժեշտ գործիքներ, սարքաւորումներ չկան:
Միւս կողմէ Քեսապի մէջ անվտանգութեան վերաբերեալ մտավախութիւն կայ, քանի որ վերջին օրերուն մի քանի հրթիռներ ինկած Քեսապի ուղղութեամբ: Վարդապետը նշեց, որ բարեբախտաբար, անոնք լեռներու վրայ ինկան եւ վնասներ չեն պատճառած: Ըստ անոր խօսքերուն, թէպէտ Թուրքիան յայտարարած է, որ զինեալներու առջեւ փակած է սահմանը, այնուամենայնիւ, ատիկա յուսալի չէ, եւ անակնկալներ մշտապէս սպասելի են:
Վարդապետը նաեւ տեղեկացուց, որ Քեսապի մէջ վերականգնուած է ելեկտրականութիւնը, հեռախօսակապը եւ համացանցը, իսկ ջուր՝ օրուայ մի քանի ժամ միայն կայ, քանի որ խողովակները դեռ չեն նորոգուած: «Պետութիւնը աշխատանքներ կը տանէ ջրամատակարարումը վերականգնելու ուղղութեամբ»-, աւելցուց վարդապետը:
Ինչ կը վերաբերի Քեսապին ուղղուած օգնութիւններուն, ան նշեց, որ հանգանակութիւններ եղած են ողջ հայութեան կողմէ, սակայն մինչեւ այժմ որեւէ օգնութիւն չէ ցուցաբերուած: Միայն յոյն ուղղափառ եկեղեցին փոքր օգնութիւն տրամադրած է քեսապցիներուն: