Յունիս 26-ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաստատեց թիւ 4347 օրինագիծը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէ վերադարձնել քրիստոնէապատկան գոյքը:
Յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի հեղինակած օրինագիծը ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ քննարկուած առաջին փաստաթուղթը եղած է: Յանձնախումբի անդամները գերազանցապէս կողմ արտայայտուած են օրինագիծին: Միակ բացառութիւնը թրքասէր հայեացքներով օրէնսդիր Քոնուլին էր, որ իր ելոյթին ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալուն եւ կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունենալուն մասին:
Պատասխանելով Քոնուլիի նշումին, թէ օրինագիծի հաստատումը կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ Ուաշինկթըն - Անգարա յարաբերութիւններու վրայ, Պրետ Շըրմըն պատասխանեց, որ տարիներ առաջ նման հեռանկար թուրքերը խոստացած էին Ֆրանսային, եթէ այդ երկրին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծը ընդունուէր: Ֆրանսացիները չընկրկեցան, օրինագիծը հաստատուեցաւ, իսկ երկկողմ առեւտրական փոխանակումները եռապատկուեցան, յիշեցուց Շըրմըն:
Ռոյս նկատել տուաւ, թէ ինչ որ կը կատարէ Քոնկրեսը, բազմիցս կատարուած է նաեւ գործադիր մարմիններու մակարդակով, թէ՛ նախագահ Օպաման, թէ՛ փոխնախագահ Պայտընը բազմիցս շեշտած են, որ Թուրքիան պէտք է յարգէ կրօնական ազատութիւնը եւ վերադարձնէ քրիստոնէապատկան գոյքը: