Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ամերիկայի հայերը, յոյներու եւ ասորիներու հետ միասին, ողջունեցին Թուրքիայի քրիստոնէական եկեղեցիներու մասին ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ընդունած բանաձեւը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Asbarez-ը:

«Հայկական, յունական եւ ասորական ծագմամբ ամերիկացիները՝ ժառանգները անոնց, որոնք 1915-1923թ.թ. Օսմանեան Թուրքիայի մէջ ենթարկուած են ցեղասպանութեան, որու եկեղեցիները կը շարունակեն մնալ թրքական կառավարութեան գերին, կը միանան բոլոր հաւատքներէն իրենց ընկերներուն՝ ողջունելով Թուրքիայի քրիստոնէական եկեղեցիներու մասին բանաձեւի ընդունումը»,- յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանը:
Ըստ անոր խօսքերուն, բանաձեւի ընդունումը հզօր ազդանշան կþ ուղարկէ Անգարային՝ կոչ ընելով դադրեցնել հակաքրիստոնէական քաղաքականութիւնը եւ համակերպուիլ հայերու, ասորիներու, կիպրացիներու, պոնտացիներու եւ Թուրքիայի անպատիժ յանցագործութիւններու միւս զոհերու առջեւ բարոյական, նիւթական եւ իրաւական պարտաւորութիւններուն հետ: