Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուքրաինայի նախագահ Փետրօ Փորոշենքօ Յունիս 19ին յայտարարած է, որ Յունիս 27ին Պրիւսէլի մէջ կը ստորագրուի Գործընկերութեան պայմանագիրը Եւրոպական Միութեան հետ:

Նախագահը այս լուրը հաղորդած է Արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Փաւլօ Քլիմքինը Ուքրաինայի արտաքին գերատեսչութեան աշխատակազմին ներկայացնելու ընթացքին: