Հակառակ անոր, որ որոշ ընտանիքներ վերադարձած են Քեսապ, բայց ան տակաւին կը մնայ անապահով. ազատագրուելէն ետք երկու անգամ հրթիռակոծուած է։ Այս մասին կը յայտնէ Քեսապի մեր աղբիւրները։
Երէկ չորս հրթիռ իյնկած է Քեսապի կեդրոնին, սակայն բարեբախտաբար վնասներ չեն եղած, բնակչութեան խորհուրդ տրուած է հեռանալ քեսապէն,այժմ այնտեղ կը մնան առաւելաբար տղամարդիկ։
Արժանթինի հայ համայնքը Հռոմի Ֆրանսիսկոս պապէն խնդրեց միջամտել Սուրիոյ հակամարտութեան
Արժանթինի հայ համայնքը նամակ յղեղ Հռոմի Ֆրանսիսկոս պապին՝ խնդրելով իրմէ միջամտել Սուրիոյ հակամարտութեան հարցով՝ համոզուած ըլլալով, որ պապի խօսքը կրնայ խաղաղութիւն բերել Միջին Արեւելքի հակամարտող տարածաշրջանէն ներս եւ ապահովել փախստականներու վերադարձը իրենց տուները:
Ինչպէս կը հաղորդէ Prensa armenia.com կայքը, նամակին մէջ արժանթինահայերը ներկայացուցած են այն սարսափելի իրավիճակը, որ կը դիմագրաւեն Սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները:
«Քաղաքացիական հասարակութիւնը կ'ապրի ծայրայեղ մտահոգիչ վիճակի մէջ: Մեծաւ մասամբ հայերով բնակեցուած Քեսապ քաղաքը յարձակումներու ենթարկուած է «Ալ-Քայտային» յարող խմբաւորումներու կողմէ, որոնք Սուրիա ներխուժած են Թուրքիոյ հետ սահմանէն»:
Արժանթինի հայ համայնքը խնդրանք ներկայացուցած է Հռոմի պապին՝ «եւս մէկ անգամ ապացուցել, որ տարբեր կրօնք, ազգութիւն, լեզու կրող եւ տարբեր գաղափարներ ունեցող մարդիկ կրնան բնակիլ ներդաշնակութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ»: