Print
Category: Հայ Դատ

Սպանիայի Նաւարայի Ինքնավար Շրջանի խորհրդարանը Յունիս 23-ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիր:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի եւրոպական ընկերներ (EuFoA) կազմակերպութեան լրատուական բաժինը: Հռչակագրի ընդունումը կազմակերպութեան կողմէ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կազմակերպուած ուսուցողական այցելութիւններու արգասիքն է:
Խորհրդարանի ընդունած հռչակագրին մէջ կը նշուի, որ «համաձայն 1987 թուականի Յունիսին Եւրոպայի խորհրդարանի ընդունած բանաձեւի, որը աւելի ուշ հաստատուեցաւ համանման բանաձեւերով (2002 Փետրուար 28 եւ 2004 Ապրիլ 1), իրադարձութիւնները, որոնց արդիւնքով տուժած է հայ ժողովուրդը՝ իսկական ցեղասպանութիւն են»:
«Քանի որ մենք կը մօտենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, նման հռչակագրեր յստակօրէն ցոյց կուտայ եւրոպական համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդի եւ իր տառապանքներուն հանդէպ»,- յայտարարած է Հայաստանի եւրոպական ընկերներ կազմակերպութեան տնօրէն Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան: Ան ընդգծած է, որ EuFoA-ն հպարտ է, որ իր լայն ցանցի շնորհիւ եւրոպական աւելի ու աւելի շատ հետաքրքրուած կողմեր կը տեղեկանան խնդրի կարեւորութեան մասին:
Նաւարայի Ինքնավար Շրջանի խորհրդարանի ընդունած հռչակագիրը կը քննադատէ այն ժամանակուայ թրքական վարչակարգի մշակած քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիային կոչ կÿուղղէ «լաւ եւ ներդաշնակ հարեւանութեան ոգիով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ եւ սահմանային խնդիրը լուծել խաղաղ ճանապարհով»:
Հռչակագրին մէջ կը նշուի նաեւ թէ հաշուի առնելով Թուրքիայի ԵՄ անդամ երկրի թեկնածութեան փաստը՝ երկիրը պէտք է հրատապ կերպով կարգաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցերը:
Նաւարան Սպանիայի հիւսիսը գտնուող եւ Ֆրանսայի սահմանակից ինքնավար շրջան է, որ իր տարածութեամբ գրեթէ հաւասար է Կիպրոսին (10. 391 քառ. կմ): Նաւարայի բնակչութեան թիւը կը հասնի 650 հազարի: Այն Սպանիայի 4-րդ շրջանն է, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Պասքերու, Քաթալոնիայի եւ Պալէար կղզիներէն ետք: