Print
Category: Հայ Դատ

Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը կը շարունակէ ճնշում գործադրել Պարաք Օպամայի վարչակարգին վրայ, որպէսզի ուղիղ պատասխան ստանայ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ աւանի վրայ յարձակման գործին մէջ Թուրքիոյ դերին վերաբերեալ: 

Հայ Դատի գրասենեակը մասնաւորապէս նամակագրութեան մէջ է ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան հետ: Նամակներուն մէջ կառոյցը նշած է, որ ամերիկահայերը շատ անհանգստացած են «վարչակարգի շարունակական դժկամութենէն, ուղիղ հարցին պարզ պատասխան տրամադրել»:
Կը նկատուի նաեւ, որ իբրեւ ամերիկացիներ՝ ազգի մը ներկայացուցիչներ, որ ՆԱԹՕ-ի բերումով պարտաւորութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ, իրենք՝ ամերիկահայերը, իրաւունք ունին իմանալու՝ արդեօ՞ք ԱՄՆ-ի դաշնակիցը գործ բռնած է ծայրայեղականներու հետ, որոնց Ուաշինկթընը «ահաբեկիչ» կ’որակէ:
Հայ Դատի գրասենեակը կը նշէ, որ ամերիկեան իշխանութիւններու հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Թուրքիան իր դերակատարութիւնը ունեցած է, ուստի Օպամայի վարչակարգը այժմ պէտք է հրապարակաւ եւ շեշտակի հակադրուի Թուրքիոյ՝ «Ալ Քայիտա»ի հետ դաւեր նիւթելուն համար: Մայիս 2-ին Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Նուլընտը պատասխանած է, որ ԱՄՆ-ն Թուրքիոյ յիշեցուցած է իր՝ քաղաքացիական հասարակութեան պաշտպանելու պարտաւորութեան մասին, նաեւ որ հայ քրիստոնեաները պէտք է հնարաւորութիւն ունենան՝ ապրիլ եւ բարգաւաճել իրենց նախնիներու հողերուն վրայ: