Print
Category: Հայ Դատ

Երեքշաբթի 20 Մայիս 2014ին, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ քհն. Շահինեան, որ անակնկալօրէն դէպի Թեսաղոնիկէ մեկնած Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը փոխարինէր, յետ ժամադրութեան, կարեւոր հանդիպում մը ունեցան Յունաստանի խորհրդարանի անդամ տիկին Տորա Պաքոյեաննիի հետ իր քաղաքական գրասենեակին մէջ: 

Հանդիպման նպատակը Սուրիահայութեան ու յատկապէս Քեսապի հայութեան ծանր վիճակը ներկայացնել էր եւ իր օժանդակութիւնը խնդրել՝ կացութեան դիմագրաւման համար, տրուած ըլլալով թէ ան Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Յունական պատուիրակութեան ղեկավարի հանգամանքով, ստանձնած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապահովութեան հարցով զբաղելու խիստ պատասխանատու պարտաւորութիւնը:
Տիկին Պաքոյեաննի իր գոհունակութիւնը յայտնեց հանդիպման համար ու տեղեկացուց, թէ մեծ ուրախութեամբ տուեալ հարցի նկատմամբ պատրաստուող տեղեկագրին մէջ պիտի ներառնէ Միջին Արեւելքի հայութեան վերաբերող բոլոր փաստացի տուեալները: Մեր ներկայացուցիչները խոստացան կարճ ժամանակի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջոցաւ ապահովել անհրաժեշտ բոլոր տուեալները ու արագօրէն փոխանցել իրեն:
Յայտնենք թէ տիկին Պաքոյեաննի որ անցեալին վարած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ Աթէնքի քաղաքապետի պաշտօնները, ներկայիս Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան (European People's Party) Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական խումբի փոխ նախագահն է, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի Քաղաքական Հարցերու եւ Ժողովրդավարութեան Խորհրդարանական Յանձնաժողովի Նախագահը (Chairperson of the Committee of Political Affairs and Democracy to the Parliamentary Assembly of the Council of Europe):

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ