Print
Category: Հայ Դատ

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի 
Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, պատմակշիռ քայլ մը առաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ՝ 70 թեր եւ 1 դէմ քուէով վաւերացնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող AJR-32 բանաձեւը:

Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը նաեւ որոշեց իր բանաձեւը յղել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին՝ դիմելով անոնց, որ իրենց կարգին նպաստեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման:
Բանաձեւի քննարկման ընթացքին խօսք առին Էսէմպլիի անդամներ Մայք Կաթօ, Թիմ Տանըլի, Սքաթ Ուիլք, Իըն Քալտերոն, Քաչօ Աշաճեան եւ Շերըլ Պրաուն:
«Այսօրուան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը շահած այս քուէարկութեամբ, Քալիֆոր- նիոյ նահանգային խորհրդարանը պաշտօնապէս կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կողքին եւ կը վերահաստատէ իր անտեղիտալի յանձնառութիւնը՝ բոլոր ժողովուրդներու ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ», յայտարարեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ:
Իր կարգին, բանաձեւի համահեղինակ Քաչօ Աշաճեան յայտարարեց. «Այս բանաձեւը յատկանշական քայլ մըն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ պետութիւն ըլլալու հանգամանքը ճանչնալու արշաւին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել յատկապէս պաշտօնակիցիս՝ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյին, որ այս հարցը խորհրդարանին մէջ քննարկման նիւթ դարձուց: Հպարտ եմ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ազատութեան նեցուկ կանգնելու սոյն քայլը որդեգրեց»:
«Այսօրուան պատմական քուէարկութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս օրէնսդիր մարմինը կամքը ունի իրականութիւնը ճանչնալու, հակառակ այդ քայլին դէմ դրուած լուրջ արգելքներուն: Կը դրուատեմ պաշտօնակիցներս, որոնք որոշեցին նեցուկ կանգնիլ իրականութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան: Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու այս քայլը շատ բան ունի ըսելիք՝ ինքնորոշման իրաւունքին տիրանալու եւ անկախ պետութիւն մը դառնալու ճամբուն վրայ արցախցիներուն առած կարեւոր քայլերուն մասին», ըսաւ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան:

 

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը (Assembly) Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պատմական քայլ մը առաւ՝ որդեգրելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛ողջունէ այս խիզախ քայլը, որ վկայութիւնն է ամերիկահայութեան տքնաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի հանրային պաշտօնատարներուն ցուցաբերած յարգանքին՝ հանդէպ բոլոր ժողովուրդներու, այս պարագային նաեւ՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
Այս քուէարկութիւնը մեծապէս կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի ոգին՝ իր արդար տենչանքները հետապնդելու ճանապարհին, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շղթայազերծած սեփական ճակատագիրին տէր ըլլալու, ինքնակառավարման ժողովրդավարական համակարգ մը ստեղծելու եւ այդ ճամբով իր գոյութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու պայքարին կարեւորութիւնը:
Առաւել գնահատելի կը գտնենք այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը ազատութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները ամրապնդող իր այս քաջարի քայլը առաւ՝ ի հեճուկս ատրպէյճանական ուժեղ ճնշումներուն: Գնահատելով Նահանգային օրէնսդիր մարմինին մէջ այս բանաձեւին կողմ քուէարկած իւրաքանչիւր էսամպլիմէնի քայլը՝ կ՛ուզենք առանձին գնահատանք արձանագրել հանդէպ այդ մարմինի անդամներ Մայք Կաթոյի, Ատրին Նազարեանի, Քաչօ Աշաճեանի եւ Խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի, որոնք ղեկավարեցին այս դրական արդիւնքը ապահոված ճիգերը՝ հարազատօրէն ներկայացնելով իրենց ընտրատարածքի բնակչութեան շահերը:
Սոյն բանաձեւին որդեգրումը վճռական յաղթանակ մըն է հայ ժողովուրդին, Արցախի բնակչութեան եւ յանուն ինքնորոշման իրաւունքի պայքար տանող բոլոր ժողովուրդներուն համար:

Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ