«Մեծցնել ԱՄՆ-ի օգնութիւնը Հայաստանին եւ Ղարաբաղին
եւ դադրեցնել՝ Ատրպէյճանին»
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը (ANCA) կոչ ուղղած է ամերիկահայերուն՝ ելեկտրոնային նամակներու միջոցաւ դիմել ծերակուտականներուն եւ երեսփոխաններուն, խնդրելով աջակցութիւն ցուցաբերել երկու կարեւոր հարցերու շուրջ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը, հաղորդելով նամակարշաւի մէջ նշուած կարեւոր կէտերը:
1. Մեծցնել ԱՄՆ-ի օգնութիւնը Հայաստանին եւ Ղարաբաղին եւ միաժամանկ դադրեցնել օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին:
Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենատի յատկացումներու յանձնաժողովները յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի ներկայացնեն 2015թ. ֆինանսական յատկացումներու նախագիծը: Այսպիսով կը խնդրուի որ անոնք ներառնեն հայ ամերիկեան օգնութեան առաջնահերթութիւններու ամբողջական շարքը, որոնց կարգին՝
2. ԱՄՆ մարդասիրական եւ զարգացման օգնութեան միջոցով առնուազն $5 միլիոն յատկացնել Արցախին: Դադրեցնել ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի եւ Արցախի հարցին մէջ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով:
3. Առնուազն 40 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին: Ապահովել, որ օգնութիւնը հասնի Սուրիոյ մէջ վտանգի ու սպառնալիքներու տակ գտնուող բնակչութեան, հայերուն եւայլ քրիստոնեաներու:
4. Ապահովել, որ Վրաստանին ցուցաբերուող օգնութեան առնուազն 10 տոկոսը յատկացուի Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ, կայուն աշխատատեղերու ստեղծման ծրագրերը ֆինանսաւորելու համար:
5. Խստացնել 907 բաժինը՝ սահմանափակել ԱՄՆ օգնութիւնը Ատրպէյճանին:
6. Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մասնակցութեանը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ միջնորդուող խաղաղ բանակցութիւններուն:
7. Մասնակցիլ Ապրիլի 9-ին Քափիթոլ Հիլի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի նուիրուած արարողութեան: ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամները պիտի միանան ամերիկահայերուն ԱՄՆի բոլոր նահանգներուն մէջ, յիշատակելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը: