Print
Category: Հայ Դատ

ԼԻԲԱՆԱՆ

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը հաղորդէ թէ պատուիրակութիւն մը այցելած է Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցած Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի հետ: Հանդիպման նպատակն էր դեսպանին հետ արծարծել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ որոշումը:

Փերինչեք Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր «միջազգային սուտ», որուն իբրեւ հետեւանք դատապարտուած եւ տուգանուած էր զուիցերիական դատարաններու կողմէ, Զուիցերիոյ ժխտողականութեան դէմ օրէնքը ոտնահարած ըլլալուն համար: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 17 Դեկտեմբեր 2013-ին, քննելով Փերինչեքի դիմումը, գտած էր, որ Փերինչեքի դէմ զուիցերիական դատարաններու որոշումները ոտնահարած են անոր խօսքի ազատութիւնը:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպան Ֆլինթի փոխանցեց մարմինի զօրակցութիւնը եւ քաջալերանքը՝ զուիցերիական իշխանութիւններուն կողմէ եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման գծով:
Դեսպան Ֆլինթ իր կարգին հաստատեց, որ ինք լաւատեղեակ է հարցին էութենէն եւ կը գնահատէ Հայ դատի մարմինի զօրակցական այցելութիւնը: Ան նշեց, որ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները կը բաժնեն հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը եւ լրջօրէն կը սերտեն եւրոպական դատարանի որոշման հանգամանքները: Ան ընդգծեց, որ Փերինչեք դատապարտուած է համաձայն օրէնքի մը, որ որդեգրուած է արգիլելու համար բոլոր ցեղասպանութիւններուն ժխտումը, եւ Փերինչեքի գծով զուիցերիական դատարաններուն որոշումները եղած են արդար:

Դեսպանը խոստացաւ հանդիպումին բովանդակութիւնը եւ պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման պահանջը շուտով փոխանցել Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:

 

ՔՈՒԷՅԹ
Փետրուար 13ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, ազգային մարմիններու կողմէ ներկայացուցիչ Եղիա Կարպուշեան եւ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան այցելեցին Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ բողոքի նամակ մը յանձնեցին Ա. քարտուղար Օվի Հաութըրին:
Հաութըր Զուիցերիոյ դեսպանին երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով անձամբ ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Կարճատեւ հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը յայտնեց իր բողոքը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումին դէմ, ինչպէս նաեւ խնդրեց զօրակցութիւն՝ զուիցերիական իշխանութիւններուն մերժելու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին: