«Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նահանգային օրէնսդիրներուն՝ «Դէմ արտայայտուելու Ամերիկայի քաղաքացիական կեանքին մէջ Ատրպէյճանի փտած բռնապետ Իլհամ Ալիեւի արտաքին միջամտութեան»:
Համբարեան կը զգուշացնէ օրէնսդիրները, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ճնշում կը գործադրէ Ամերիկայի նահանգային օրէնսդիրներուն վրայ, որպէսզի միանան քրիստոնեայ հայ դրացիներուն նկատմամբ իր զայրացած եւ հետըզհետէ աւելի ու աւելի բռնի յարձակումներուն: Համբարեան կ՛անդրադառնայ Ալիեւներու ընտանիքին՝ նշելով, որ այժմու նախագահը քաղաքացիական ծառայութեան աշխատավարձի հաշուոյն դարձած է միլիոնատէր եւ անոր անձնական հարստութեան եւ կառավարութեան փտածութեան վերաբերեալ նշուած է «Սի.Էն.Պի.Սի.» ծրագիրին մէջ:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը դիտել կու տայ, որ Ատրպէյճա- նի նախագահը աշխարհին յայտնի է վերջերս հայ սպան կացինով սպաննած մարդուն ներում շնորհելու եւ զայն պարգեւատրելու գայթակղութեան համար: Ըստ Համբարեանի, այս ամօթալի գործողութիւնը կտրուկ կերպով դատապարտուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ: Համբարեան նաեւ կը գրէ, որ Ատրպէյճան ունի մարդկային իրաւունքներու ամէնէն վատ վարկանիշը, որ փաստագրուած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ մարդկային իրաւունքներու զեկուցումներուն ժամանակ:
Համբարեան շեշտեց, որ «ամերիկացի քաղաքացիները պէտք չէ լռեն օտարերկրեայ ղեկավարներու միջամտութեան հարցին մէջ, մանաւանդ որ անոնք չեն յարգեր մեր իրաւունքները, ոչ ալ կը կիսեն մեր արժէքները, յատկապէս երբ անոնք կը փորձեն արտահանել իրենց անհանդուրժողականութիւնը «մեր ափերուն մէջ»:
Համբարեան նշեց, որ տարբեր ամերիկեան լրատուամիջոցներ, ինչպէս՝ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը եւ «Փոլիթիքօ»-ն, գայթակղութեան մեղադրանքներ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանին դէմ՝ Միացեալ Նահանգներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու հարցին մէջ:
Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուն օրէնսդիրներէն խնդրեց օտարերկրեայ բռնապետին թոյլ չտալ ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատ ժողովուրդի ատելութեան արշաւին մէջ օգտագործել «առեւանգուած» օրէնսդրութիւնը: «Ես կ՛առաջարկեմ, որ դուք Ալիեւին ըսէք. «Ամրացո՛ւր քու ժողովրդավարութիւնդ, մեր ժողովրդավարութեան միջամտելու փոխարէն», ընդգծեց Արամ Համբարեան: