Print
Category: Հայ Դատ

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի առաջնահերթ խնդիրը՝ Տողու Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկ ման հարցն է:

Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու՝ Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ռումանիոյ մէջ արդէն բանակցութիւններ կ՛ընթանան Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ՝ մինչեւ 17 Մարտ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման վերատեսութեան դիմում ներկայացնելու ուղղութեամբ:
«Դեկտեմբերէն մինչեւ Մարտ այս հարցով կը զբաղինք՝ համոզուելու համար, որ Զուիցերիան ճիշդ որոշում կու տայ: Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին մենք մանրամասն կը բացատրենք պատճառները, թէ ինչո՛ւ Զուիցերիա պէտք է վերատեսութեան դիմում գրէ: Մենք վստահ ենք, որ դեսպանները արդէն զեկուցած են Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, եւ մեր տուեալներուն համաձայն, Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վերատեսութեան դիմումի մասին իր կարծիքը պէտք է ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան», յայտնեց Պետօ Տեմիրճեան:
Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար զուիցերիական դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած քաղաքական գործիչ, Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեքի հայցը: 2008 թուականին զուիցերիական դատարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար Փերինչեքը դատապարտած էր 3 ամսուան բանտարկութեան, այնուհետեւ բանտարկութեան որոշումը դատարանը փոխարինած էր վարչական տուգանքով:
Եւրոպական դատարանը Փերինչեքի հայցին բաւարարումը հիմնաւորած էր անով, որ զուիցերիական դատարանը խախտած է Եւրոպական ուխտի խօսքի ազատութեան վերաբերեալ 10-րդ եւ 7-րդ յօդուածները: